Krikor Beledian

Krikor Beledian was born in Beirut, Lebanon where he attended the renouned Armenian Jemaran Preparatory School before moving to Paris in 1967.  He holds PhDs in Philosophy and in Comparative Literature from the University of Paris V.  He is  writer and critic.

ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ ծնած է 1945-ին Պէյրութի մէջ։ 1967-ին մեկնած է Փարիզ։ 1973-ին ստացած է փիլիսոփայութեան իր դոկտորան՝ Սորպոնի համալսարանէն։ Դոկտորայի առաջին աշխատութիւնը պատրաստած է Մարթին Հայտըկէրի «Գեղագիտութեան զանցումը» նիւթին շուրջ։ Ամբողջ տասնամեակ մը զբաղած է լրագրութեամբ ֆրանսական մամուլին մէջ։ 1978-էն սկսեալ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին մէջ։ Շուրջ քսան տարի դասաւանդած է գրաբար եւ մատենագիտութիւն Լիոնի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ։  Իր առաջին գիրքը՝ «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար»՝ ազդուած Պէյրութի պատերազմէն, լոյս կը տեսնէ 1976-ին։Յետագայ տարիներուն Փարիզի մէջ կը կազմաւորուին իր հատորները՝ բանաստեղծական, գրաքննադատական եւ արձակ գեղարուեստական։ Պըլըտեանի հրատարակուած բանաստեղծական գիրքերն են՝ «Հատուածներ Սենեակի Մասին» (1978, Պէյրութ), «Հակաքերթուած» (1979, Լոս Անճելըս), «Վայրեր» (1983, Փարիզ), «Մանտրաներ» (1986, Փարիզ), «Էր» (1992, Երեւան), «Հատուածներ հօր» (1993, Երեւան), «Ելք» (1993, Փարիզ)։ «Հատուածներ Սենեակի Մասին»ը, Պըլըտեանի գրեթէ բոլոր գիրքերուն նման, կ'անցնի «գրեթէ աննշմար»:Իսկ գրաքննադատական գործերու շարքէն կարելի է նշել «Տրամ»ը (1980, Պէյրութ), «Գրիգոր Նարեկացի, Լեզուի Սահմաններուն Մէջ» (1985, Վենետիկ), «Կրակէ Շրջանակը» (1988, Անթիլիաս), «Մարտ» (1997, Անթիլիաս), «Դէպի մեծ փոխաբերութիւն» (1999, Փարիզ), «Զրոյցներ Բանաստեղծութեան Մասին» (1999, Երեւան), «Ի Գործ Արկանել» (2003, Մոնթրէալ), «Երկխօսութիւն Նարեկացիի Հետ» (2008, Երեւան), «Հայկական Ֆուտուրիզմ» (2009, (Երեւան)։Պըլտեանը գեղարուեստական առաջին արձակը սկսած է «Սեմեր»ով (1997, Հալէպ) եւ յաջորդաբար լոյս տեսած են շարքէն՝ «Հարուածը» (1998, Պէյրութ), «Նշան» (2000, Կլէնտէյլ), «Պատկերը» (2003, Կլէնտէյլ), «Անունը Լեզուիս Տակ» (2003, Փարիզ), «Երկուք» (2006, Կլէնտէյլ)։Աշխատակցած է զանազան գրական հանդէսներու, որոնց շարքին են՝ «Ազդակ» (Պէյրութ), «Բագին» (Պէյրութ), «Բազմավէպ» (Վենետիկ), «Բաց Նամակ» (Կլէնտէյլ), «Գարուն» (Երեւան), «Ի Դէպ» (Կլէնտէյլ), «Ինքնագիր» (Երեւան), «Կամ» (Լոս Անճելըս), «Կայք» (Փարիզ), «Հանդէս» (Թեհրան), «Յառաջ, Միտք Եւ Արուեստ» (Փարիզ)։ Ան նաեւ հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ օտարագիր մամուլի մէջ, որուն շարքին են՝ «Armenian Review», «Le Croquant», «Les temps modernes», «Raft», «Revue des deux mondes», «Zeitschrift fur Genozidforshung»։Ան ունի Ֆրանսերէն լեզուով հետեւեալ հրատարակութիւնները՝ «Les Armeniens», (1994 Պրիւքսէլ), «Objets & Debris», (1978, Փարիզ), «Cinquante ans de Litterature Armenienne en France», (2001, Փարիզ)։Գրիգոր Պըլտեան իր հրատարակած արձակ ու չափածոյ երկերով կ’արծարծէ գրական, գեղագիտական, իմաստասիրական խնդիրներ՝ բոլորն ալ առնչուած հայ մշակոյթի ինքնութեան ու մասնաւորապէս լեզուին. Պըլտեանի գրականութիւնը կարեւոր դեր ունի արեւմտահայերէնի զարգացման մէջ։

 

Roles: Author, Compiler, Editor

Products