Description
Նկարագրութիւն
ARS POETICA մատենաշարի սոյն հատորը կը բովանդակէ բանաստեղծ Գրիգոր Պըլտեանի անտիպ հայկուները, գրուած 1980ական թուականներէն սկսեալ: «Հայկուի մասին» վերջաբանը կ’անդրադառնայ ճափոնական այդ բանաստեղծութեան բնոյթին ու բանարուեստին:
Հատորի գծանկարները յատուկ այս հրատարակութեան համար պատրաստուած է Ասատուրը (Ֆրանսիա):