Halatsvatsnere II
The Persecuted: A Usual Day, Tigran

Հալածուածները II
Սովորական օր մը, Տիգրան

Paperback
(ISBN: 978-9939-9176-5-8)
$67.95
2022 Yerevan
440 pages
Size: 6 1/4" x 9 1/4"
Language(s): Western Armenian

Additional Artists


Զարեհ Որբունիի վիպային երկերու քննական հրատարակութեան այս երկրորդ հատորը կ'ընդգրկէ Հալածուածները շարքի չորրորդ միաւորը՝ Սովորական օր մը (1974) եւ նոյն շարքի հինգերորդ միաւորը, ցարդ ամբողջութեամբ անտիպ Տիգրանը (գրուած 1973-1979 թթ.): Երկու վէպերը կը շարունակեն պատկերել օտարութեան փորձառութիւնը Սփիւռքի մէջ, որուն առանձնաշնորհեալ վայրերն են Փարիզն ու Մարսէյլը: Առաջինը կ'արձանագրուի քսան չորս ժամուան բոլորակ ընթացքին, երկրորդը վեց օրուան: Տիգրանով սակայն տեղի կ'ունենայ հիմնական շրջադարձ մը, գլխաւոր կերպարի եւ հանգամանքներու փոփոխութեան պատճառով: Տիգրանը հալածեալն մըն է, ինչպէս էին վիպաշարքի առաջին հատորներու հերոսները, գուցէ հալածեալ մը ինքն իրմէ:

Հատորի հարուստ ծանօթագրութիւնները ի գործ կր դնեն արխիւային անտիպ նիւթեր։ Ասոնք պատկերացում մր կու տան վիպասանի երկար աշխատանքէն, ինչ կը վերաբերի մանաւանդ Տիգրանի «վերջնական» բնագրի պատրաստութեան : Պահպանուած մէկէ աւելի տարբերակներու քննութիւնը եւ օգտագործումը կ'ընդգծեն գրութեան միշտ ի լինելութեան մէջ ըլլալու, զարգանալու, միայն պայմանական կերպով «աւարտելու» էական եզրը։

Զարեհ Որբունիի վիպային երկերու քննական հրատարակութեան այս երկրորդ հատորը կ'ընդգրկէ Հալածուածները շարքի չորրորդ միաւորը՝ Սովորական օր մը (1974) եւ նոյն շարքի հինգերորդ միաւորը, ցարդ ամբողջութեամբ անտիպ Տիգրանը (գրուած 1973-1979 թթ.): Երկու վէպերը կը շարունակեն պատկերել օտարութեան փորձառութիւնը Սփիւռքի մէջ, որուն առանձնաշնորհեալ վայրերն են Փարիզն ու Մարսէյլը: Առաջինը կ'արձանագրուի քսան չորս ժամուան բոլորակ ընթացքին, երկրորդը վեց օրուան: Տիգրանով սակայն տեղի կ'ունենայ հիմնական շրջադարձ մը, գլխաւոր կերպարի եւ հանգամանքներու փոփոխութեան պատճառով: Տիգրանը հալածեալն մըն է, ինչպէս էին վիպաշարքի առաջին հատորներու հերոսները, գուցէ հալածեալ մը ինքն իրմէ:

Հատորի հարուստ ծանօթագրութիւնները ի գործ կր դնեն արխիւային անտիպ նիւթեր։ Ասոնք պատկերացում մր կու տան վիպասանի երկար աշխատանքէն, ինչ կը վերաբերի մանաւանդ Տիգրանի «վերջնական» բնագրի պատրաստութեան : Պահպանուած մէկէ աւելի տարբերակներու քննութիւնը եւ օգտագործումը կ'ընդգծեն գրութեան միշտ ի լինելութեան մէջ ըլլալու, զարգանալու, միայն պայմանական կերպով «աւարտելու» էական եզրը։Հալածուածները վիպաշարքի այս երկրորդ հատորը կր խմբէ Զարեհ Որբունիի Սովորական օր մը եւ Տիգրան (Վարձու սենեակ) երկու վէպերը: Ասոնք շարքի Դ եւ Ե դիրքերն են: Գրուած են 1970ական թուականներուն: Առաջինը տպուած է Սփիւոք հրատարակչութեամբ 1974ին: Երկրորդը ցարդ անտիպ է մեծ մասամբ եւ լոյս կը տեսնէ առաջին անգամ:

Այս վէպերը կը կազմեն վիպաշարքի կեդրոնական մասը: Կը հետեւին Փորձըին, Թեկնածունին, ԱսՖալթըին եւ կը պատրաստեն Զի fn է կարողութիւն, Եւ եղեւ մարդ, Ասֆալթ Բ միաւորները: Վերջինները պիտի տրուին վիպաշարքի մեր այս հրատարակութեան երրորդ հատորով:

Բնագիրներու քննութեան ու ծանօթագրումին համար ընթերցողը կրնայ դիմել այս հատորով լոյս տեսնող վէպերու աւարտին զետեղուած «Ծանօթագրութիւններոուն, ուր կան ո՛չ միայն վէպերու ստեղծման պայմաններու մասին լուսաբանութիւններ, հեղինակային արխիւէն եկող նշումներ ու տարբերակներու քննութիւն, այլեւ բացատրութիւններ հոս հոն յայտնուող յղումներու: Փորձը եղած է խուսափելու տողատակի նշումներէն, որոնք միշտ ալ միջամտութիւններ են գրութիւններուն ներքեւ, խանգարող ընթերցումի ընթացքը:

Write Your Own Review

You're reviewing: Halatsvatsnere II