258 pages
Size: 5" x 8 1/4"
Language(s): Western Armenian
Պէյրութի մերձակայ, հայաշատ թաղի մը մէջ պատահած հայրասպանութեան դէպք մը կը կազմէ մեկնակէտը «Հարուածը»ի պատումին: Յովնան սարկաւագ կը սպաննէ իր հայրը' Համբարձում աղան: Ռճիրին դրդապատճառը կը մնայ անյայտ եւ տեղի կու տայ այլազան մեկնաբանութիւններու: Մինչ ընղհանուր դատախազը զայն կը բացատրէ որպէս զաւկի մը ըմբոստութեան արարքը հoրը դէմ, թաղեցիները հակուած են յօրինելու իրենց առասպելը. ըստ նախասիրութեան' անոնք ոճիրը կը համարեն արդիւնք' զաւկին զգացած նախանձին, կիրքին կամ պատուախնդրութեան, ի տես հօր եւ նոր հարսին (եղբօրը կնոջ) միջեւ ենթադրեալ կապի մը: Ռւր է ճշմարտութիւնը: Համբարձում աղայի մահուան լուրը թերթին մէջ կարդացած մանուկի մտքին մէջ պիտի դրոշմուի դէպքը եւ մեծնալէ ետք ան պիտի փորձէ իր ձեւով պարզաբանել հայրասպանութեան տուն տուող պատճառը:
«Հարուածը» պատումին վայրը նոյնն է ինչ որ իրեն նախորդած' «Սեմեր»ունը: Ընթերցողը կը վերագտնէ նաեւ այս վերջին պատումին մէջ գործող անձնաւորութիւնները: Հոս ալ կը յայտնուի կենդանի պատկերումը ցեդասպանութենէն ճողոպրած, Պէյրութի արուարձաններուն մէջ նոր կայք հաստատած հայ մարդոց անհատական եւ վաւաքական կեանքին: «Գիշերադարձ» (Պատումներ) շարքին երկրորդն է ուրեմն «Հարուածը»ը. անոր կը յաջորդեն, «Նշան», «Պատկերը», «Անունը Լեզուիս Տակ», «Երկուք», «Շրջում», «Կրկնագիր Մարդր», «Յակոբներ»: