More Views

Krikor Beledian / 75
15 Volume Set

Գրիգոր Պըլտեան / 75
15 հատորանի

Paperback Set of 15 Books
(Number: BLA0028)
$135.00
2020-2021 Yerevan
No pages
Size: 4 1/4" x 6 3/4"
Language(s): Western Armenian

Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անդիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր: Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին:

«Անուարտութիւն» 60 էջ
Այս գրութիւնը կը վերաբերի արուեստի գործերու աւարտի եւ անաւարտի խնդիրներուն:

«Ասատուր՝ Պատկերը ընթացքի մէջ» 236 էջ
Այս աշխատութիւնը, առաջին անգամ ըլլալով, համապարփակ կ'ենթարկէ ֆրանսաբնակ նկարիչ Ասատուրի (Պզտիկեան, 1943) գեղարուեստական գործը:

«Երկլեզու ցանցը» 96 էջ
«Նախապէս գրուած որպէս մուտք «Ֆրանսահայ գրականութիւն» աշխատութեան հայերէն տարբերակին (Երեւան, 2017) այս էջերը խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն գրական երկլեզուութիւնը թարգմանական ընդհանուր տարածքին հունին մէջ:

«Ընթերցումին ընդերքը» 100 էջ

«Ինքնութիւն - Սփուռք» 100 էջ
Աշխատութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Սփիւռքի հայու ինքնութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ:

«Լեզուներ» 68 էջ
Ազատ ձեւով գրուած այս էսսէն փորձ մըն է մտածելու լեզուներու կազմաւորիչ դերը գրող մտքին: Գրելը լսել մըն է: «Երբ կը գրեմ, կը լսեմ լեզուն, լեզուներու սփիւռք մը»:

«Կ. Պոլսոյ անկումը» 64 էջ
«Տրամ« (1980) հատորէն վերցուած այս էսսէն կը ջանայ մտածել վերջն ու աւարտը Պոլիս զարգացած գրականութեան, մասնաւորաբար բանաստեղծութեան աւանդութեան եւ անոր ներյայտ որոշադրումներուն:

«Կշռական հատում» 53 էջ
Գրութիւնը տպուած է իբրեւ յառաջաբան «Մանտրաներ» ամբողական հատորին:

«Հրապարակներ» 112 էջ
Ընդմէջ գեղարուեստական արձակին եւ փորձագրութեան-էսսէին, այս անտիպ գրութիւնը, որոշ «երեւութաբանական մօտեցումով» կը սեւեռէ «հրապարակը» որպէս քաղաքային տարածք եւ գոյութեան բնավայր:

«Ղազարաւան» 40 էջ
Այս գեղարուեստական արձակը Աշտարակի մօտիկ գիւղի մը կը վերաբերի:

«Ճարտասանական արուեստ եւ կեանքի ոճ» 96 էջ
Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» մէջ ճարտասանական արուեստը, որ գրելու արուեստին մօտիկն է, ըլլալ-լինելու ձեւ մըն է, կեանքի ոճ մը: Առաջին անգամ տպուած է «Երկխօսութիւն Ներակացիի հետ» հատորին մէջ:

«Մէջ ընդ մէջ» 84 էջ
Հատորը կազմող երեք գրութիւնները հրապարակային խօսքառումներ են, ծնած պարագայական դէպքերէ եւ սեւեռող աւելի մնայուն խնդիրներ. «Աղէտի լեզուն» եւ գրական փորձառութիւնը:

«Պատում» 72 էջ
Ի՞նչ է պատումը, ի՞նչ է պատմելը, ինչո՞ւ միայն դրուագներ շարագրել չէ, ահաւասիկ հիմնական ուղեգիծը այս գրութեան, ցարդ անտիպ:

«Սկսիլ» 196 էջ
Նախապէս գրուած իբրեւ զեկուցում Մովսէս Խորենացի Պատմութիւն Հայոցի ստեղծումին 1600 ամեակին, աշխատութեան հիմնական հարցադրութիւնը կը վերաբերի ծագումն ու սկիզբը գրելու ձեռնարկին: «Երկրորդ Սկիզբը» լոյս տեսած «Կամ»ի մէջ թիւ 1/7 (2020) հարցը կը տեղափոխէ ԺԹ դարու Մխիթարեան հայրերու հիմնահարցին, դիւցազներգութեան ծիրին մէջ: Թէ ինչո՞ւ պէտք է սկիզբը ըսել ու գրել, ահա անշրջանցելի հրամայականը:

«Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի» 108 էջ
Ս. Փարաճանովի ֆիլմերու ստեղծած հմայքը մղած է հեղինակը գրելու հատորի հիմնական էսսէն, նախ՝ ֆրանսերէն 2006ին: Ներկայ հայերէն տարբերակը ի հարկէ նոյնը չէ առանց բոլորովին տարբեր ըլլալու: Մուտքի անտիպ էջերըը պատրաստուած են յատուկ այս հրատարակութեան համար:

Write Your Own Review

You're reviewing: Krikor Beledian / 75