Anavart Dimankar
Unfinished Portrait: A Novel

Անաւարտ դիմանկար
Վէպ

Paperback
(Number: BLF0538)
$24.00
2010 Toronto
310 pages
Size: 5 1/2" x 8 1/2"
Language(s): Western Armenian

«Անաւարտ դիմանկար»-ը Սուրէն Չէքիճեանի երեք անտիպ վէպերէն մեկն է, որ կը հրատարակուի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մեջ: Միւս երկու անտիպներէն «Միջնարար»-ը լոյս տեսած է «Նոր Յառաջ»-ի մէջ իբրեւ թերթօն, իսկ «Առաջին ձիւնը»-ը կը մնայ ձեռագիր վիճակի մէջ: Խրմէ լոյս տեսած առաջին եւ միակ գիրթը' «Ամառնային անձրեւ»-ը, հրատարակուած է Թորոնթոյի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղին հիմնած «Յակոբ Կարապենց»-ի անուան հրատարակչական ֆոնտին կողմէ, 2007-ին: Չէբիճեան ունի նաեւ եօթը անտիպ վիպակներ, թատերգութիւն մը եւ բանաստեղծութիւններ: Ան եղած է նաեւ գեղանկարիչ, իրն է կողքի նկարը:

«Անաւարտ դիմանկար»-ը կը ներկայացնէՔանատա գաղթած հայ երիտասարդի մը' Լեւոն Սարգիսեանի կեանքը: Ան ագատ ասպարէզով տաղանդաւոր գեղանկարիչ է. կը գծէ դիմանկար եւ իգական սեռի մերկ նկարներ' իրական մոտէլներու (բնորդ) դիմաց:

Հետաքրքրական է Լեւոն Սարգիսեանի տիպարը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն' 1975-էն առաջ ան գաղթած է Քանատա եւ հաստատուած է Թորոնթօ: Բայց իր հոգեկան ու մտային աշխարհը Լիբանանն է: Կը յիշէ իր մանկութիւնն ու պատանեկան-երիտասարդական կեանքը, Պէյրութի իրենց տունը, որ հաւաքավայր էր իր ընկերներուն, որոնց համար հոգի կու տայ ան: Կ՛ափսոսա], որ իր այժմու կեանքին մէջ (62 տարեկան) պարագաներու բերումով կորսնցուցած է իր ընկերները:
Մտաւորական գեղանկարիչ է Լեւոն Սարգիսեանը, որ խոր հե-տաքրբրութիւն ունի մշակոյթի, գրականութեան եւ առհասարակ արուեստներու: Նիւթական փնտռտուք չունի, կ՛ապրի առաւելա-բար հոգեկան արժեքներով: Այլասեր է, մեծ հաճոյք կը գգայ երբ օգնէ մարգոց: Ինքգինք բարձրացնելն աւեփ կ՛աշխատի շուքի մէջ մնացած արժեքները բարձրացնել:

Write Your Own Review

You're reviewing: Anavart Dimankar