136 pages
Size: 6" x 8 1/4"
Language(s): Western Armenian
Additional Artists
Հրանդ Տինքը գիրք մը չունեցաւ երբեք: «Ես գիրք չունեցող գրող մըն եմ» կ՜ըսեր ինքն ալ ծաղրելով: Այս կատակը կարեւոր իրականութեան մը մատնանշում ալ էր անշուշտ: Հրանդը իսկական առումով գործիչ մըն էր: Սակայն Թուրքիոյ ժողովրդականացման գործընթացին ալ իր նպաստը բերաւ, երբ որպես հիմնադիր ու խմբագրապետ Ակօսի' իր խօսքն ու գործը կը ծաւալէր Թուրքիոյ ամենահիմնական խնդիրներուն' ի մասնաւորի հայ֊թրքական յարաբերութիւններու նկատմամբ:
Գիրքի վերածելի իր միակ գործն է այս' զոր պատրաստած էր ԲԷՍԷՎի համար եւ առիթը ունեցած' աւարտելու: Այստեղ Հրանդը անցեալն ալ նորոգելու թեկնածու նորանոր տեսակէտ մը կը ցուցաբերէ Հայաստանի եւ Թուրբիոյ վերաբերեալ հասարակաց ապագայի իր տեսլականով: Գիրքը թէեւ չէր հրատարակուած այդ շրջանին, բայց ատիկա խնդիր չէր իրեն համար...: Վաստակը վաստակ էր, յամենայն դէպս ի չիք դառնալու չէր: Նաեւ նոր յաւելումներ ընելու համար ահագին ժամանակ կար...:
Անոր վաստակը իր լրիւ նպատակն է նաեւ: Հիմա աւելի քան երբեք կարեւոր է հասկնալ Հրանդ Տինքին նպատակը, որպեսզի կեանքն ալ մահն ալ եղած չըլլան ի զուր:
Books > Identity and Culture
Books > Foreign Relations
Books > Foreign Relations > Current