Siran Seza

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱ (բուն անունով Սիրան Զարիֆեան) ծնած է Պոլիս, ուր յաճախած է հայկական ու ֆրանսական դպրոցներ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան Ռոպերթ Քոլէճը, զոր աւարտելէն ետք կը մեկնի Պէյրութ։ Համալսարանական կրթութիւնը կը ստանայ Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանէն՝ հետեւելով Լրագրութեան եւ Գրականութեան ճիւղին, տիրանալով Արուեստից Մագիստրոսի աստիճանին (M.A.): Կը նախընտրէ վերադառնալ եւ հաստատուիլ Պէյրութ։ Սիրան Սեզա շուտով կը դառնայ Պէյրութի մտաւորական խաւի կեդրոնական դէմքերէն մէկը եւ առաջին կին արհեստավարժ լրագրողը յետպատերազմեան շրջանին։ Ան ամբողջութեամբ կը նուիրուի իգական սեռի իրաւունքներու պաշտպանութեան, առողջապահութեան բարելաւման, հասարակական դիրքի բարձրացման, ինչպէս նաեւ՝ կրթական ու մտաւորական կեանքէն ներս հայ կանանց գործօն մասնակցութեան անհրաժեշտութեան։ Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ան վիթխարի յերդրում կ'ունենայ «Երիտասարդ Հայուհի» պարբերաթերթի հրատարակութեամբ նախ՝ 1932-34, ապա՝ 1946-1968: «Երիտասարդ Հայուհի»ն կը հանդիսանայ կանանց նուիրուած թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ լիբանանահայ առաջին պարբերաթերթը:

Role: Author

Products