Patker Patum Patmutiun, Vol. 2

Image Story History: Rivalries

Պատկեր Պատում Պատմութիւն, Հատոր 2

Մրցակցութիւններ

$35.00$50.00

Paperback
2016 Yerevan
ISBN: 978-9939-816-96-8
Languages: Western Armenian

Description



Նկարագրութիւն

ՊԱՏԿԵՐ, ՊԱՏՈՒՄ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆի երկրորդ հատորը կը զբաղի Ի. դարու արեւմտահայ չորս վիպագիրներու՝ Զա­պէլ Եսայեանի, Գիրգոր Պըլտեանի, Շահան Շահնուրի եւ Զարեհ Որբունիի ար­տա­դրութեամբ, ու անոնց մօտ կը կարդայ նոյնպէս վերապրողի կերպարին երեւում-ան­հետացումը, մեռեալ վկային յարակարծիքները, վկայութիւն կոչ­ուա­ծին կատարեալ խնդրականացումը, եւ բոլորին մօտ անխուսափելիօրէն՝ պատ­կերին յափշ­տակիչ եւ յարակայ միջամտութիւնը։ Բայց մինչդեռ ֆրանսացի հե­ղի­նակներուն մօտ՝ վեր­ապ­րողի եւ պատկերի շուրջ աշխատանքը կը կատարուէր բարեկամութեան ոլորտին մէջ, արեւմտահայ գրողներու պարագայի՝ կը կատար­ուի ատելութեան մթնո­լոր­տի մը մէջ եւ ուրեմն մրցակցութիւններու լման շարքի մը ընդ­մէջէն. այր ու կնոջ միջեւ, գրա­կանութեան եւ նկարչութեան միջեւ, վերապ­րո­ղին եւ վկային միջեւ, նոյն սե­րունդին պատկանող գրողներու (եւ նկարիչներու) միջեւ, սերունդ­նե­րուն միջեւ։ Այդ մրցակ­ցութիւններուն կիզակէտին կը գտնուէր Յակոբ Օշա­կան, ու այդ պատճառով՝ հատո­րը կը բացուի իր “Վկայութիւն մը” վերնագիրը կրող գրուածքին շուրջ վերլուծական ակնարկով մը:



Additional information

Pages 564 Pages
Weight 2 lbs
Dimensions 6 × 9.25 in