Tskeans Nahatakutiun
Forever Martyred

Ցկեանս նահատակութիւն

Paperback
(Number: BLG0131)
$35.00
Sava (Publisher)
2005 Aynjar
453 pages
Size: 6 1/2" x 9 1/2"
Language(s): Western Armenian

Գիրքը կը ներկայացնէ 17 պատմութիւններ, որոնց հասարակաց յայտարարը բռնագաղթին ընթացքին կորսուած հայորդիներուն ապրած ոդիսականներն են: Ասոնցմէ մաս մը բնաւ չէ վերադարձած, հակառակ փնտռտուքներուն եւ իրենց հարազատներուն սպասումներուն: Մաս մը ճիշդ ժամանակին գտնուած է եւ միացած ազգին, եւ իր ներդրումը բերած՝ մայրանալով, ընտանիքի հայր դառնալով եւ զաւակներ պարգեւելով մեր կոտորակուած ժողովուրդին... Իսկ մաս մըն ալ թէեւ գտնուած է, բայց շա՜տ ուշ...

Իւրաքանչիւրին կեանքը ոդիսական մը եղած է, այլ տեսակի նահատակութիւն մը, անմիջական նահատակութենէն աւելի տառապալից, յատկապէս անոնց պարագային, որոնք գիտակից տարիքի մէջ կորսուած կամ առեւանգուած են: Միլիոնաւոր սպաննուած նահատակներուն կողքին ասոնց թիւը պատկառելի է: Ամէն անգամ երբ կը մատնանշենք Մեծ Եղեռնի մեր ահաւոր կորուստը, այսպիսի նահատակներու մասին չենք անդրադառնար: Կը խօսինք կիզիչ անապատին մէջ ջարդուածներուն, սովամահ դարձածներուն մասին: Այդքա'ն: Ես ջանացի այդպիսի, կենդանի մնացած, բայց եւ այնպէս «նահատակուած»ներէն, գէթ քանի մը հատին մասին գրել: Ատոր համար գիրքս վերնագրեցի ՑԿԵԱՆՍ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ...

Write Your Own Review

You're reviewing: Tskeans Nahatakutiun