Ոսկին ու Արջուկեանները տեղի կ'ունենայ հայկական անտառի մը խորը, Արջուկեան ընտանիքին տան մէջ: Մամա Արջը կը պատրաստէ հիանալի հայկական սեղան մը, որ Ոսկին ուղղակի իրենց տունը կ'առաջնորդէ համտեսելու, երբ արջերը հոն չեն: Մէզզէով, ճաշով ու անուշապուրով փորը լաւ մը լեցնելէ ետք, Ոսկին կը յայտնաբերուի արջերուն կողմէ ու կը փախչի: Սակայն, զուտ հայկական եղանակով, արջերը կը ներեն Ոսկիին ու կը հրաւիրեն որ մնայ եւ կիսէ իրենց ճաշը:
Կենսուրախ, լիագոյն նկարազարդումներ կենդանութիւն կու տան պատմութեան, ներկայացնելով գեղեցիկ հայկական բնանկարներ եւ կերպարներ որոնք տիպականօրէն հայեցի են: Վայելք մը հայ երախաներու համար...