Tsaghkavor Tetrake
The Flowery Notebook

Ծաղկաւոր տետրակը

Paperback
(ISBN: 978-6257-460-170)
$14.95
Aras (Publisher) Արաս (Հրատարակչութիւն)
2019 Istanbul
98 pages
Size: 9 1/4" x 12 1/4"
Language(s): Western Armenian

Additional Artists

Luiz Bakar (Translator) Լուիզ Պաքար (Թարգմանիչ)

Այս գծավէպը ընթերցողը կը հրաւիրէ յայտնաբերելու Անատոլուի խորքերէն աշխարհի չորս ծագերը տարածուած պատմութիւններ, պատմութեան այն էջերը, զորս մարդիկ կ՚աշխատին ծածկել, նաեւ հասկնալու այն, թէ ժամանակակիցներու վրայ ինչպէս կ՚ազդեն այն ցաւերը, զորս անոնք կը ջանան ճնշել։

Լորան Կալանտոնի եւ Վիվիէն Լիքայիսի «Ծաղկաւոր տետրակ»ը, որ լայն ընդունելութեան արժանացած է Ֆրանսայի մէջ, խորհրդաւոր դէ քեր հետապնդելու ընթացքին, մեզ կը հրաւիրէ գտնելու գլուխկոտրուկի մը պակսեցուած կտորները։

Ջութակ մը, չամբողջացած համադրութիւն մը եւ Անատոլուէն Փարիզ երկարող արկածախնդրութիւն մը… Աշխարհահռչակ թուրք ջութակահարի մը Ֆրանսայի համերգը առիթ կ՚ըլլայ հետաքրքրաշարժ ծանօթութեան մը։ Ջութակահարը հիւանդանոցի մը մէջ կ՚այցելէ հայ ծերունիի մը եւ անոր հետ խոր նախապաշարումներով սկսած զրոյցը կը կապուի հարիւր տարի առաջ պատահածներուն՝ ապահովելով որ գտնուին ընտանեկանպատմութեան պակսող հատուածները։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս այդքան ալ անծանօթներ չենիրարու, ինչքան որ կը կարծեն ըլլալ։

«Ծաղկաւոր տետրակ»ը կը սեւեռէ մեր ապրած տարածաշրջանի դառն ու ցնցիչ ժամանակահատուածներէն մէկը եւ ցոյց կու տայ, որ ամենախաւար պայմաններու տակ իսկ յոյսը պէտք է ապրի։ Ոգեւորիչ գծագէպ մը, որ պահ մը իսկ չի կորսնցներ իր կշռոյթը եւ ընթերցողը կ՚առնէ իր մէջ…

Write Your Own Review

You're reviewing: Tsaghkavor Tetrake