Sasuntsi Daviti Hetkerov
In the Traces of David of Sasun: Abridged Novel

Սասունցի Դաւիթի հետքերով
Վէպ (Խտացուած եւ պարզացուած)

Ս. Վահան (Հեղինակ) S. Vahan (Author)
Paperback
(Number: BLF0268)
$15.00
Hye Keer (Publisher) Հայ Գիր (Հրատարակչութիւն)
2011 Los Angeles
127 pages
Size: 5 1/2" x 8 1/4"
Language(s): Western Armenian

«Սասունցի Դաւիթին Հետքերով» վիպակը լոյս տեսած է 1985ի Ապրիլին, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, իբրեւ թերթօն։ Տարի մը ետք, անիկա իբրեւ առանձին գրքոյկ լոյս ընծայուած է Համազգայինի հրատարակչատան կողմէ, «Վահէ Սեթեան» տպարանէն։

Հեղինակին ներշնչման աղբիւր եղած է մեր ժողովուրդի հակաթուրք այն պայքարը, որ նախ դիւանագիտական ու քարոզչական, ապա նաեւ ուժական կերպով վերականգնեցաւ Ցեղասպանութեան 50-ամեակի անկիւնադարձէն ետք։ 70-ականներու կէսերուն սկիզբ առած ուժական գիծը իր գագաթնակետին հասաւ այս վիպակին լոյս ընծայումէն քանի մը տարի առաջ, յատկապէս Լիզպոնի Հինգ հերոսներուն ծանօթ գործողութեամբ, որ գերագոյն զոհաբերութեան շռնդալից արտայայտութիւն մը եղաւ նոր ժամանակներուն, մեր երիտասարդութեան հոգիին մէջ արթնցնելով հայրենասիրութեան այն կամքն ու նպատակասլացութիւնը, որ մղում տուած էր Խաչատուր Աբովեանէն մինչեւ Խրիմեան Հայրիկի պատգամներուն հետեւած ֆետայիներուն, կամաւորներուն, գրիչի ու զենքի զինուորագրեալներուն։ Այս պայքարը եթե մեկ կողմէ վերականգնումն էր ցեղասպան պետութեան ներկայացուցիչներուն պատժումին՝ Թեհլիրեաններու եւ Շիրակեաններու օրինակով, միւս կողմէ, անիկա անփոխարինելի տեղ ունեցաւ մեր Դատի ծանօթացման նպատակներուն մէջ, աշխարհին ու հայութեան յիշեցնելով, թէ հայ երիտասարդը հաւատարիմ է ու շարունակողը՝ մեր իրաւունքերուն կենսագործման քայլարշաւին։

Վերականգնած պայքարը, ինչպէս նշեցինք, տարուեցաւ մէկէ աւելի զուգահեռ գիծերու վրայ. գլխաւոր գիծերն էին քաղաքականը, ժողովրդականը (ցոյցեր, քայլարշաւներ), դիւանագիտականը եւ ուժականը: Այդ օրերուն, չկար պետականը, որովհետեւ մեր հայրենիքը տակաւին մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան, թէեւ հայրենի ժողովուրդն ալ իր ձայնը բարձրացուցած էր 50ամեակին՝ ցոյցերով ու քայլարշաւներով...

Այսօր, երբ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուած են նաեւ Արցախեան Յադթանակն ու Հայաստանի վերանկախացումը, Հայաստանի պետութեան ճիգերն ալ սկսած են տեղ գրաւել պահանշատիրութեան մէջ, շատ աւելի յստակ կը տեսնուի, որ պայքարի յիշեալ միջոցները, բայց մանաւանդ ուժական պայքարը, ինչպիսի՛ դերակատարութիւն ու բաժին ունեցան աշխարհի յիշողութեան մէջ մեր Դատի վերականգնումին ու Արցախեան Պայքարին յաղթանակով պսակումիս մէջ։ Շնորհիւ բազմաճիւղ պայքարին, մենք այսօր մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած ենք մեր իրաւունքներուն ճանաչում ապահովելու ճամբուն վրայ. այդ պայքարը տարբեր ձեւերով կը շարունակենք, պիտի շարունակե՛նք՝ մինչեւ յաղթանակ, մինչեւ մեր բոլոր իրաւուքներուն իրականացումը, առանց պայմանաւորուելու ժամանակի հետ։

«Սասունցի Դաւիթի Հետքերով» վիպակին պատանեկան այս հրատարակութեան կը ձեռնարկենք այն մօտեցումով, որ «Հայ Գիր»ինն է եղած այս մատենաշարին ծննդեան օրէն. այսինքն՝ պատանիներու տրամադրութեան տակ դնել պարզացուած, սեղմ ու մատչելի հրատարակութիւններ։ Նկատի առնուած է նաեւ այն իրողութիւնը, որ վիպակը եթէ մէկ կողմէ որոշ չափով արտացոլացումն է պատմական հանգրուանի մը, այդ օրերու վիճակներուն ու պետական խաղերուն, միւս կողմէ, հոն արծարծուած հարցերը միայն անցեալին չեն պատկանիր, այլ այսօր ալ ականատես ենք, կ՚ապրինք այդ պայմաններուն զարգացման նորանոր փուլերը, կը դիմագրաւենք մեր իրաւուքներուն նկատմամբ շահադիտական ու անարդար վերաբերմունք, հետեւաբար, պայքարի բոլոր գիծերը կը մնան բաց։

Սեղմումն ու պարզացումը, ինչպէս նաեւ մանր պատշաճեցումները կատարած է հեղինակը։

Write Your Own Review

You're reviewing: Sasuntsi Daviti Hetkerov