205 pages
Size: 5 1/2" x 8 1/4"
Language(s): English, Eastern Armenian, Western Armenian
Դէպք մր, երեւոյթ մը, յուշ մը օգտագործած ենք մեր խօսքը ըսելու, հարցերը մեր պրիսմակէն դիտելով ու կշռելով՝ մեր տեսակետը յայտնելու։ Դէպքերուն բազմատեսակ ըլլալուն արդիւնքն է նիւթերուն ալ զանազանութիւնը, որոնք կ՚ընդգրկեն ազգային - կուսակցական - գրական - հայագիտական - իրաւաբանական - ահաբեկչական - քաղաքականէն մինչեւ դամբանականն ու արջի որսորդութիւնը:
Այս հատորին գլուխներր, տարբեր հոգեվիճակներով ու տրամադրութեամբ երկնուած են։ Հո՛ն ուր յուշեր քրքրուած են, ծննդավայրէ եւ հարազատ շրջապատէ դուրս շպրտուած ըլլալով, կարծէք կատաղի հեղեղի մը կողմէ քըշուող արմատախիլ եւ ճղակոտոր ծառ մը ըլլայինք ուղեկորոյս. կամ, խորտակուած ու կիսովին ընկղմած, սակայն դեռ եւս ծփացող նաւու մր աոագաստին կառչած նաւաբեկեալ մր, որ ապշած կը դիտէ չորս դին ցրուած այլ նաւաբեկեալներ, մնացուկներ։
Books > Literature > Articles and Essays
Books > Literature
Books > Travelogues