Inknagir Grakan Akumb (Publisher)
Ինքնագիր գրական ակումբ (Հրատարակչութիւն)
2018 Yerevan 172 pages
Size: 5 1/2" x 8"
Language(s): Western Armenian
Ու կ'արթննաս այդ ամրան մէջ ու չես հասկնար ինչու կ'արթննաս, ու ամէն բան խոնաւ է. բարձը, մէջքիդ փակած շապիկը, սաւանները, երազները, դուն ու ամառը։ Ու առտուան խոնաւու֊ թիւնը պատուհանէն անդին կարծես ըլլար շօշափելի, ու ձեռքդ պատուհանէն դուրս կ՚երկարէիր ու մատներուն ծայրերով կը շոյեիր օդին մէջ լողացող ջուրի փոշին, ու ծովէն բարձրացող առաւօտեան մշուշը թեւերուդ նոր բուսնող աղուամազին կը փակէր ու կը թափանցեր մորթէդ Ներս։ Ու մնացին հոն ընդմիշտ, այդ առտուներուն մշուշները, մորթիդ տակ պահուըտած, ինչպես դուն պահուըտեցար սենեակիդ մէջ, ամբողջ այն ամառը։