Loucine Zeitountsian
LOUCINE ZEITOUNTSIAN was born in Aleppo, where she received her education and went on to dedicate herself to teaching. She taught at the Armenian General Benevolent Union (AGBU) Lazar Najarian - CalousteGulbenkianSchool, MarashMesrobianSchool, and Ki-likianSchool, all in Aleppo. From an early age, she served as a member of the AGBU, the Compatriotic Union of Marash. and the Board of the AGBU-AYO Bedros Atamian Theatrical Group. Zeitountsian is an accomplished actress, with her credits including several stage performances. She received a silver medal for her 25-year service to the Bedros Atamian Theatrical Group. Zeitountsian has also sung for many years with Aleppo's AGBU Sbentia-rian Choir.
For 25 years, Zeitountsian chaired the Women's Auxiliary of the Kermanig-Vasburagan Cultural Union of the Compatriotic Union of Marash, in Aleppo. During her tenure, she organized numerous exhibitions of Armenian embroidery, and, in particular, traditional Armenian costumes. The Compatriotic Union of Marash has recognized her pioneering work by awarding her its gold medal.
As a member of the Women's Auxiliary of the Consulate of the Republic of Armenia in Aleppo, Zeitountsian has helped organize several cultural exhibitions at the Consulate.
Ծնած է Հալէպ։ Ուսումը աւարտելէ ետք նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզի։ Պաշտօնավարած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան, Մարաշի Մեսրոպեան եւ Կիլիկեան վարժարաններէն ներս՝ Հալէպ: Փոքր տարիքէն եղած է ՀԲԸ Միութեան եւ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան անդամ։ Եղած է անդամ ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց Ընկերակցութեան Պետրոս Ադամեան Թատերախումրի վարչութեան, ինչպես նաեւ ցոյց տուած է դերասանական շնորհներ՝ ներկաացումներու մէջ վերցնելով կարգ մր դերեր։ Թատերախումբին նուիրած իր 25-ամեայ ծառայութեան առիթով, պարգեւատրուած է արծաթեայ մետալով։ Լուսին Զէյթունցեան երկար տարիներ մաս կազմած է նաեւ ՀԲԸ Միութեան Հալէպի Սպենդիարեան Երգչախումբին։
Քսանհինգ երկար տարիներ վարած է Հալէպի Մարաշի Հայրենակցական Միութեան Գերմանիկ-Վասպուրական Մշակութային Միութեան Տիկնանց Վարչութեան ատենապետուհիի պաշտօնը։ Կազմակերպած է հայկական ասեղնագործութեան ցուցահանդէսներ, իսկ գլխաւորը հայկական ազգային տարազներու ցուցահանդէսներ։ Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը պատուած է զինք ոսկեայ մետալով։
Հալէպի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոսութեան Տիկնանց Յանձնախումբին գործօն անդամուհիներէն ըլլալով, իր աշխատանքով օգտակար հանդիսացած է կազմակերպելով ցուցահանդէսներ հիւպատոսութենէն ներս