Libanan "Drakht Koruseal"
Lebanon "Lost Heaven": Short Stories

Լիբանան «Դրախտ Կորուսեալ»
Պատմուածքներ

Availability: Out of stock

Paperback
(Number: BLF0165)
$22.00
2004 Antilias
222 pages
Size: 6 3/4" x 9 1/2"
Language(s): Western Armenian

Additional Artists


Այս հատորին մէջ տեղ գտած պատմուածքներուն մեծամասնութիւնը կու գայ առաջին տարիներէն, յիսունական թուականներէն: Քանի մի պատմուածքներ՝ հրատարակուած են վերջին տարիներուն: Անոնց միջավայրը, բնականաբար, Լիբանանն է, լիբանանցին ու իր կամքէն անկախ այս ափերուն հանգրուանած հայը: Հերոսները՝ պարզ մարդիկ են, ամէնօրեայ ներկայութիւն, որոնք յաճախ կ՝անտեսուին իրենց շրջապատէն: Սակայն այս պարագային, անոնք կը դառնան Սօնա Խտըշեան արձակագիրին յատուկ ուշադրութեան առարկան: Ուրիշներու կողմէ անտեսաւող երեւոյթներ, պարզ ու բարդ, իրենց պաստառումէն ետք, կը դառնան խորհրդածութեան առիթներ, ուր մեկնաբանութենէ աւելի կը միջամտէ բարի տրամադրութիւն մը՝ մարդիկը պաշտպանելու մարդոց դէմ, բարին գերադասելու չարէն, եւ այդ ճիգին մէջ երբեմն ծայրայեղ լաւատեսութեան ու զգացականութեան շեշտուած տուրք մե զգալի կը դառնայ: Այս պատմուածքներու գրական արժանիքներուն կողքին, կայ նաեւ հիմնական պարագայ մը, անոնք կը հանդիսանան վկայութիւն մը, ժամանակագրութիւն մը թէ' լիբանանցիին առօրեան յատկանշող եւ թէ յետ եղեռնեան լիբանանահայ սերունդներու յարափոփոխ կազմաւորումին ու զարգացումին: Արժանիք մը այս մէկը, որ երբեք անտեսուելու չէ:

Write Your Own Review

You're reviewing: Libanan "Drakht Koruseal"