Khosogh Leran Patmutiune
The Story of the Speaking Mountain

Խօսող լերան պատմութիւնը

Availability: Out of stock

Paperback
(ISBN: 978-0-9861897.0-8)
$30.00
2015 Paramus
201 pages
Size: 6 3/4" x 9 3/4"
Language(s): Western Armenian

Արեւմտահայ գրականութիւնը, այս բազմադիմի մենախօսութիւնները իրենց մէջ կը կրեն անցումի մը պատկերը։ Նախ անցքը Անապատն էր — Աղէտը։ Յետոյ անցքը Ովկիանոսն էր—հեղուկը, մէկ երկրէն միւսը մեր աստանդականութիւնը, առօրեայ ծով հոգը, սահմանները։ Երրորդ անցքը Անջրպետն է—անսահմանութիւնը, աննկարագրելին եւ անկարելին. այսինքն գրող եւ հասարակութիւն, հայ եւ հայութիւն, Սւիիւռք եւ Հայաստան։
Ներկայացուած բոլոր գրողները կը համադրուին հաւաքական հանգոյցի մը մէջ։ Անոնք տուած են Լեզուին յիշողութիւնը եւ ցաւին զօրութիւնը։ Մշակեցին լեզուին ոյժը, խորացուցին խօսքի տարողականութիւնը եւ հասկցուցին որ գրելը ամէն բանէ առաջ արուե ստ է։ Մէկ խօսքով անոնք հայ լեզուով նուաճեցին Սփիւռքի իրականութեան տարբեր երեսները։

Սւիիւռքի առաջին տասնամեակներուն Լեզուն մեր կարօտն էր, յետոյ դարձաւ մեր վահանը, եւ հուսկ ապա մեր ինքնագիւոակ– ցութիւնը։ Իսկ հիմա ծածկուած է այս բոլորը եւ մէջտեղ դրուած տարօրինակ լուծում մը Ոգի։ Ի՞նչ է Ոգին եթէ ոչ ուրուական մը, երբ կը պակսի լեզուի մշակոյթի բաբախուն մարմինը։
Հայերէնը փոխանակ ազատաբաշ այրուձի մը ըլլալու դարձեր է ծեր, իր կերածը անդադար որոճացող ուղտ։
Ի՞նչ կրնայ ընել աւելի արհամարհանքի մակաղիչ տատւսսկներուն ինկած հայ գրողը, քան դարերու տեսիլքը գծած իր աչքերուն խորը, մերկադրել այս վիճակները, եւ արձակել այն ձայնը, որ այլեւս չի կրնար խուսափիլ իր ցաւէն։ Ցաւէն որ բնաւ, երբեք «Սփիւռքի ապերախտ պայմաններ» ու հետեւանքը չէ, այլ սիսթեմաթիք, սինիք ընթացքի մը իր խօսքը լսելի չդարձնելու։

Այն ատեն է որ կը լսես այդ գերբնական ձայնը, եւ կ՛ըմբռնես այն բոլոր գրական առաքեալներու կեանքերը որոնք քեզմէ առաջ անցան։ Այն ատեն է որ իբրեւ գրող, այդ այրուցքին անմեղմելի ցաւին դէմ՝ կ՛ընտրես խօսի լ կամ կ՛ընտրես լռել։ Ես իրաւունք չունէի լռելու։

Այս ափերուն վրայ չունինք ուրիշ հայրենիք, եթէ չփրկենք Մայրենին պիտի չփրկուի Հայը։ Ոսկեղինիկը մահը խափանող խորհուրդ է եւ ապագայի երաշխիք։

Write Your Own Review

You're reviewing: Khosogh Leran Patmutiune