2019 Istanbul
597 pages
Size: 6" x 8 1/4"
Language(s): Western Armenian
597 pages
Size: 6" x 8 1/4"
Language(s): Western Armenian
Գիրքը կը բովանդակէ պոլսահայ, յետագային' ֆրանսաբնակ եւ հայաստանաբնակ խմբագիր ու դերասան Երուանդ Թօլայեանի (Կավռօշ, 1883-1940?) յուշագրութիւնը: Թօլայեանի յուշագրութեան ինքնագիրը, գրուած 1936-1937 թթ. Երեւան եւ ամփոփուած 12 մատեաններու մէջ (700 էջ), կը պահպանուի Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը: Յուշագրութիւնը արեւմտահայերէն է, սակայն կան նաեւ արեւելահայերէնի որոշ քերականական ձեւեր: Շարադրուած է 1922-1940 թուականներուն Սովետական Հայաստանի մէջ կիրառուած նոր ուղղագրութեամբ, զոր փոխած ենք դասականի' կատարելով որոշ շտկումներ (օրինակ, բազմաձեւ գրութեամբ բառերը միօրինակ դարձուցած ենք): Կատարուած են նաեւ ուղղագրական որոշ շտկումներ: Առաջին անգամ ամբողջութեամբ տպագրուող փաստալից այս յուշագրութիւնը հիմնականին կը ներկայացնի 20-րդ դարու առաջին քառորդին Պոլսոյ հայկական եւ թրքական պատմամշակութային կեանքը' առանցքին ունենալով թատերական ասպարէզը: Հատորն ունի յառաջարան, ծանօթագրութիւններ:
Դերասաններու' գիրքին մէջ տեղ գտած շիրիմներու լուսանկարներուն հեղինակն է լուսանկարիչ Պերճ Արապեան: Պատմական բացիկներն ու դերասաններու լուսանկարները իր հաւաքածոյէն ազնուաբար տրամադրած է հաւաքորդ Եդեմ Չուպուքճուօղլու: Լուսանկարներ տրամադրած են նաեւ դերասան ու խմբագիր ժիրայր Չոլաքեան (Փարիզ), պատմաբան Նեսիմ Օվատիւս Իզրաիլ: Կարգ մը լուսանկարներ ալ ապահոված ենք մամուլին ու տարբեր կայքէջերէ: