32 pages
Size: 10" x 10"
Language(s): Classical Armenian
Additional Artists
«Գոյնզգոյն Մոլորակը» հաճելի ճամբորթութիւն մըն է որ փոքրիկներուն տիեզերքի աշխարհը կ'ուղեւորէ, կախարթական ձեւով եւ մանաւանդ խաղով մը. որ հեքիաթին գլխաւոր հերոսը կը պատրաստէ:
Ամիսներ կը հիւսուէր ու կը քակուէր, ամէն առտու ու գիշեր: Ամենայարմար հագուստը գտնելու, կարելու մեր փոքրիկներու չափին, սիրելու ու սիրուելու, ինչու չէ զարգացնելու իրենց բազմաթիւ յայտնի կամ պահուըտած կարողութիւնները... կենդանացնելով ու մեր լեզուն ապրելով ... հաճելի ձեւով:
Հիւսուած են տրամաբանութիւն եւ երեւակայութիւն՝ հրամցնելու ընթերցող երեխային գիտելիքներ, բայց զգացումներն ալ մէջը կը զարգանան ու իրենց համեստ տեղը գտնեն...իսկ յայտնաբերումը բանալին է որ Գոյնզգոյն Մոլորակը ծանօթանայ միւս մոլորակներուն ալ եւ տիեզերքի գաղտնիքները գիտնայ:
Արդեօք վերջաւորութեան պիտի կարենա՞յ իր նպատակը յաջողցնել:
Սոյն հեքիաթը Մայիս 2022ին հեքիաթահաւաքի մը մասնակցեցաւ Պոլսոյ ՓՈՔՐԻԿ հեքիաթարանէն կազմակերպուած եւ 59 երկիրներու միջեւ մրցանակի արժանացաւ: