Hay Yekeghetsvo Sarkavaguhinere
The Deaconesses of the Armenian Church

Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները

Hardcover
(ISBN: 978-614-456-314-4)
$19.95
2022 Beirut
215 pages
Size: 5 1/2" x 8 1/2"
Language(s): Western Armenian

Կանանց խորան բարձրանալու եւ ծիսական արարողութիւններուն մասնակցելու հարցը սերտօրէն առնչուած է զանոնք Եկեղեցւոյ նուիրապետական դասուն մէջ ներգրաւելու խօսոյթին հետ: Կանանց քահանայական ձեռնադրութեան հարցը երկար ժամանակէ ի վեր եւ տակաւին այսօր կը հանդիսանայ Եկեղեցիին ուղղուած կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը: Առաքելահաստատ եկեղեցիները ցայսօր թոյլ չեն տար, որ կանայք քահանայական ձեռնադրութիւն կամ օծում ստանալով' քահանաներու հետ իրաւահաւասարօրէն ծառայեն Եկեղեցւոյ ծիսական ասպարէզին մէջ: Սակայն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը միանշանակ այդպէս չէ եղած: Նախնական Եկեղեցիին մէջ եղած են աշակերտուհիներ, մարգարէուհիներ, այրիներ եւ սարկաւագուհիներ, որոնք քրիստոնէական վաղ շրջանի համայնքներու կազմակերպութեան մէջ գործուն մասնակցութիւն ունեցած են եւ ի նպաստ քրիստոնէութեան տարածման բերած են իրենց կարեւոր ներդրումները: Միայն միջնաղարուն է, որ կանայք, ինչ-ինչ պատճառներով, հետզհետէ դուրս կը մղուին Եկեղեցւոյ մէջ հեղինակաւոր պաշտօններ զբաղեցնելու դիրքերէն:

Եթէ այսօր կինը կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, ըլլան անոնք տնտեսական, քաղաքական, գիտական թէ մշակութային, աչքի կ’խնայ այլազան նուաճումներով, ապա ո՞րն է անոր արդար դերն ու տեղը Եկեղեցւոյ մէջ, աւանդական ինչպիսի նախադրեալներ կան այնտեղ կնոջ ծառայութեան դաշտը ընդարձակելու, անոր եկեղեցանուէր աշխատանքին սատարելու, զայն արդիւնաւորելու եւ իրաւամբ արժեւորելու համար:

Ի տարբերութիւն առաքելահաստատ այլ եկեղեցիներու, Հայ Եկեղեցին, ոչ հարկադրաբար, այլ աւանդաբար, քրիստոնէական նախնական Եկեղեցւոյ կեանքէն եզակի աւանդ մը իւրացուցած է եւ զայն իր ծոցին մէջ պահելով հասցուցած է մինչեւ մեր օրերը: Եթէ ոչ քահանայագործելու իշխանութիւն, ապա ան չէ զլացած հայ կնոջ շնորհելու Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան եռաստիճան կար-գէն եպիսկոպոսութեան եւ քահանայութեան նախորդող առաջին աստիճանը, որ սարկաւագութիւնն է: Սոյնը առանձնայատուկ տու-չութեամբ սարկաւագուհին միանշանակ կը լիազօրէ եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու հետ միասին Տիրոջ Եկեղեցիին եւ Անոր հաւատաւոր հօտին ծառայելու:

Write Your Own Review

You're reviewing: Hay Yekeghetsvo Sarkavaguhinere