Yerker
Works

Երկեր

Hardcover
(Number: BLP0126)
$25.00
1990 Antilias
277 pages
Size: 6 3/4" x 9 3/4"
Language(s): Western Armenian

Բովանդակութիւն՝ Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր, Կեանքի ու մահուան երգեր, Քերթուածներ, Արձակ բանաստեղծութիւններ, Հատուածներ օրագրութենէն, Նամակներ:

«Քերթուածներ» բաժին մէջ ամփռփուած են մեր բանաստեղծին զոյգ տաղարաններէն ինչ-ինչ պատճառներով դուրս մնացած կամ անոնց հրատարակումէն յետոյ գրուած գործերը, որոնցմէ շատերը տարբերակներու բնոյթ ունին եւ անաւարտ են այն չափով, որ չեն կրեր իրենց վրայ վաղամերիկ քերթողի վերջին կամքին կնիքը: Անթուակիր քերթուածները դասաւորելու ատեն ջանացած ենք, ըստ հնարաւորին, ժամանակագրական կարգ մը պահել, ելլեղով յատկապէս անոնց ներքին տրամադրութենէն եւ մասամբ՝ կատարողական առանձնայատկութիւններէն:

«Հատուածներ Օրագրութենէն» եւ «Նամակներ» բաժինները կազմուած են Մ. Զարիֆեանի ոչ միայն կենսագրութենէն ու բարդ խառնուածքէն, այլ նաեւ, առ հասարակ, արուեստի իր ըմբռնումէն եւ, ի մասնաւորի, սեփական բանաստեղծական փորձէն յատկանըշական գիծեր ու երանգներ վեր հանելու առաջադրութեամբ:

Պահպանուած է բնագրային ուղղագրութիւնը: Շտկուած են նախկին հրատարակութիւններուն մէջ սպրդած բացայայտ վրիպակները եւ դիւրացնելու համար հատորին ընթերցումը, միօրինակութեան են բերուած միեւնոյն բառերու տարբեր գրելաձեւերն ու կէտադրութեան նշանները:

Write Your Own Review

You're reviewing: Yerker