Hayeren Barerun Geghetskutiwne
The Beauty of the Armenian Letters

Հայերէն բառերուն գեղեցկութիւնը

Paperback
(Number: BDL0055)
$15.00
2016 Los Angeles
165 pages
Size: 5 1/2" x 8 1/2"
Language(s): Western Armenian

Երբ ըսենք գրական լեզու, կը հասկնանք քերականութիւն, ուղղագրութիւն, շարահիաութեան ոճ եւ բաոապաշար։
Գրական լեզուի ոսումնասիրութեան ծիրին մէջ կը մտնեն նաեւ մեր լեզուի զարգացման ներքին օրինաչափութիւնները, հնչիւնական համակարգի փոփոխութիւններր, եւ զանազան դարաշրջաններու դուրսէն կրած ազդեցութիւնները։

Այս հատորը, ինչպէս ի յայտ կու գայ տիտղոսէն, նկատի ունի հայերէն բաոամթերքէն նմոյշներ բերել, փաստելու համար, թէ հայերէն բաոապաշարը իւրայատուկ է եւ միանգամայն ճոխ է, քերականօրէն ճշգրիտ, պատկերաւոր ու գեղեցիկ։

Լեզուն խօսակցական ըլլայ թէ գրական, հիմնատրուած է բաոապաշարի վրայ։ Արդարեւ, ոճր, քերականական օրէնքներր, եւ ոճաբանական զա֊նազանութիւնները իմաստ պիտի չունենային եւ կամ խեղճ պիտի ըլլային աոանց հարուստ բառամթերքի մը։

Լեզուական բաոապաշարր կապուած է ժողովուրդի պատմութեան հետ։ Հողագործ հայ ժողովուրդը ունեցաւ հողի արտադրութիւններու կապուած ճոխ բառամթերք։ Հեթանոս հայ ժողովուրդի լեզուն ճոխացաւ երբ որդեզրեց քրիստոնէութիւնր եւ անոր հետ մեր լեզուին մէջ մտան, ֊փոխ առնուած կամ յարմարցուած֊ աստուածաշնչական կամ քրիստոնեական նոր բաոեր եւ ասոյթներ։
 
Հինգերորդ դարուն մտան նոր բաոեր աբեղայ, հեթանոս, եկեղեցի, սերովբէ, Կիրակի, եպիսկոպոս, քահանայ, կաթողիկոս, պատրիարք, հերետիկոս, սաղմոս, ծոմ... որոնք, իրենց բարդ եւ ածանց բա֊ռերուն հետ ճոխացուցին մեր բաոամթերքը։

Կը կրկնենք, հայերէն բաոերու ճոխութիւնը կապուած է հայ ժողովուրդի ճակատագրին եւ ինչպիսի համոզումներով ապրած հանգամանքին հետ։ Օրինակի համար, հայոց կրօնասիրութիւնր ի յայտ կու գայ խնդրել բայի նրբերանգներով գործածուած հոմանիշներէն աղաչել, ողոգել, թախանձել, աղերսել, պաղատիլ։ Այս բայերր, թէեւ հոմանիշ են, բայց ինչպէս յետոյ պիտի տեսնենք, գործածութեան նրբութիւններ ունին։

Այս հատորին մէջ կարելի է գտնել վերը յիշուած նրբութիւններր, օտար լեզոններու հետ բաղդատութիւններր, բաոերու պատկերաւոր ըլլալը, անոնց ծագումր, ածանցուած ըլլալու պարագային անոնց ճոխ կիրարկոնմր եւ այլն։
Օգտագործած ենք լեզուագէտ Հրաչեայ Աճառեանի Արմատական Բառարանր։ Զանացած ենք անհատական յաւելեալ բացատրութիւններ տալ։

Write Your Own Review

You're reviewing: Hayeren Barerun Geghetskutiwne