191 pages
Size: 7" x 9 3/4"
Language(s): Western Armenian
Աոաջին բաժինով, «Ներածական» բառին տակ գլխակարգուած, կը ներկայացուի հայ հոգեւորականի դերին եւ կրած նեղութեանց մասին ընդհանրապես։
Երկրորդ բաժինով կը տրուի գլխաւոր եւ կարեւորագոյն հոգեւորական դէմքերու ամփոփ կենսագրականները, գրական, մշակութա¬յին, վարչական գործունէութիւնները եւ վկայակոչական համեստ տեղեկութիւններ եւ ապա անոնց գրական գործերու ցանկը, այնքան որ¬քան կարելի է գտնել։ Պէտք է ըսել որ յատուկ բանասիրական պրպտումի նիւթ պէտք է դաոնայ այս ճիգը, որովհետեւ նահատակուած հոգեւորականներու շատերուն գրութիւնները թերթերու, ամսագրերու եւ պարբերական հրատարակութեանց մէջ ցրուած էջեր են, որոնք երբ համախմբուին՝ կրնան հատորներ կազմել։ Ատիկա կրնայ ըլլալ նահատակ հոգեւորականներու մատուցուած ամենէն արժէքաւոր ծաոայութիւններեն մէկը։
Երրորդ բաժինով կը տրուի միայն հոգեւորականներու ցանկը։ Այս պարագային, նկատի ունեցած է ոչ նահատակ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականները, այլ նաեւ հայ կաթոլիկ եւ բողոքական եկեղեցիներու հոգեւորականները, որոնք գոհ գացին 1915-ի Մեծ Եղեոնին։