Milionen Meke
One of a Million: Memoirs of a Child from Zeytoun as a Witness of the Armenian Genocide

Միլիոնէն Մէկը
Ցեղասպանութեան ականատես Զէյթունցի պատանիի մը յուշերը

Paperback
(ISBN: 978-9953-585-33-8)
$24.00
Zartonk Daily (Publisher)
2018 Beirut
140 pages
Size: 6 1/2" x 9 1/4"
Language(s): Western Armenian

Additional Artists


Մէկ դարու ընթացքին թէեւ հաւաքաբար մոռցանք միլիոնէն մէկուկէս թերեւս երկո՛ւ միլիոնէն իւրաքանչիւրին դէմքը, անունը, ծննդավայրը, տարիքը եւ մարդկային արժանիքն ու արժէքները, բացի 40-50 հոգիէ, որոնց նկարներուն հետ սփիւռքի հայ դպրոցներու աշակերտներ ընտելացան ու մեծցան, բայց անոնք ո՛չ միայն հաւաքաբար ապրեցան Հայուն Գողգոթան պատմող, լուսաբանող եւ վերլուծող տասնեակ հազարաւոր էջերու եւ երիզագրուած բանաւոր վկայութեանց մէջ, այլեւ սրբացան։

«Զարթօնք»ի հրամցուցած այս իրապէս անսովոր գիրքէն խօսողը Զէյթունի Վերի Թաղէն 12 տարեկան պատանի մըն է, որ 1915ի Ապրիլ ամսուան Կանաչ Կիրակին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, պատարագի ընթացքին ծնողաց ռւ հարիւրաւոր հաւատացեալներու հետ լսեց կառավարութեան հրամանը։ Կէսօրէն ետք պարպուեցաւ Վերի Թաղը ու մահուան կարաւանը հետիոտն շարժեցաւ դէպի Մարաշ, որ, առանց գիտնալու կամ կասկածելու, իրենց համար պիտի ըլլար գալիք սպանդանոցներուն առաջին կայանը։

Մէկ ժամուան մէջ Յարութիւնը մեծցաւ, դարձաւ հօր «մէջքի գօտին», պաշտպանը յղի մօր, քրոջ` Եղիսաբէթին, հօրեղբօր աղջկան` Մարիամին ու բեռնակիրը ընտանիքին։ Տէր Զօր էին երբ առտու մը գտաւ գաղթի տանջանքին չդիմացած մօր դիակը, որուն քարէ ծիծերուն վրայ հանգչած էր նորածին եղբօր գանկը։ Հայ քահանայի մը աղօթքով երկուքը թաղեց Եփրատի եզերքը։ Իր աչքին առջեւ հինգ որբուկներու մայր զէյթունցի այրի կին մը մորթեց անոնցմէ մին որպէսզի անոր միսով կերակրէ միւս չորսը։ Խմեց կատուներու սատակով լեցուն ջրհորէն, կտրեց քալելու անկարող իշուկի մը ականջն ու շրթունքը որպէսզի ինք եւ երկու աղջիկները միս կրծած ըլլալու հաճոյքն ունենան։

Անապատին մէջ անգամ թուրք ոստիկանները շահագործեցին դժբախտ գաղթականներուն մօտակայ գիւղերէն ուտելիք բերելու պահանջն ու Կիլիկիա վերադառնալու անմեռ յոյսը՝ դեռ ուժաթափ չեղած տղամարդոցմէ ազատելու համար։ Անոնցմէ էր Յարութիւնին հայրը, որ թիւթինին դրամը գրպանը երջանկօրէն ճամբայ ելաւ Րաս-Իւլ-Այնի «վնասուած» երկաթուղագիծը նորոգելու որպէսզի ժամ առաջ երթայ Հալէպ, Դամասկոս ապա Կիլիկիա… եւ խումբին հետ մոխրացաւ լերան միւս կողմը։

Հայրենի Զէյթունէն յանկարծ դուրս քշուած պատանին հետը թուղթ ու մատիտ առնելու պերճանքը չէր ունեցած։ Նոյնիսկ եթէ ունեցած ըլլար, անկարելի է որ «գթասիրտ» ու չքաւոր պետեւիին ուղտերը արածելէ ետք «Իպրահիմը» կարենար գիշերները վրանին տակ օրագիր պահել։ Երազը փախչիլ էր։ Յաջողեցաւ։ Եւ յաւէտ երախտապարտ նախախնամական Բարեգործականի հրաշագործ Որբանոց-Կրթարաններուն, Պրազիլիոյ Սան Փաւլօ եւ Օզաքա քաղաքներուն հայ դպրոցներուն մէջ դասաւանդեց Մայրենին` արժանանալով տեղւոյն գլխաւորաբար մարաշցի հայութեան խոճայ տիտղոսին, եւ աչքերը չփակած մեզի կտակեց անգութ կերպով պարզ ու առարկայական այս Վարք ՆահատակացԶԱը` մէկ-երկու տեղ չկարենալով խուսափիլ ուսուցիչի պարտականութենէն։

Write Your Own Review

You're reviewing: Milionen Meke