318 pages
Size: 6" x 9"
Language(s): Western Armenian
Դժոխքէն Դրախտը պատմութիւնն է Արմենակ Պետիկեան-Անդրանիկեանին, որ 1915-16 թուականին շուրջ մէկուկէս տարի էրզրումի Նահանգի Քղի գաւառին եւ Տէրսիմի շրջանին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափը ապրեցաւ, տառապեցաւ իր մօր, կնոջ, երկու եղբայրներուն եւ բազմաթիւ ազգակիցներուն կորուստով, ու յաճախ հրաշքով միայն փըրկըւեցաւ ստոյգ մահէ. ամիսներ շարունակ գաղտնի ապրե-ցաւ լեռներու վրայ, ձորերու մէջ կամ ապաստան գտաւ եւ ստրուկի պէս ծառայեց քիւրտ ընտանիքներու մօտ:
Դեկտեմբեր 1916-ին վերջապես ան կրցաւ փախուստ տալ Տէրսիմէն, անցնիլ պատերազմի կովկասեան ռազմաճակատի ռուսական կողմը եւ հասնիլ Կարին-էրզրում: 1917-ին ան միացաւ էրզրումի ինքնապաշտպանութեան հայ կամաւոր-ներու խումբին եւ յաջորդ տարին, շուրջ վեց ամիս որպէս զինուոր ծառայեց Ձօրավար Անդրանիկի հայ կամաւորական բանակին մէջ, մասնակցեցաւ Ձանգեզուրի, Նախիջեւանի եւ մինչեւ իսկ հիւսիսային Պարսկաստանի Խոյ քաղաքի պա-րիսպներուն առջեւ թրքական բանակին դէմ մղուած կռիւնե-րուն: 1919-ին, Ձօրավար Անդրանիկին կամաւորական բանակի ցրուումէն ետք, Անդրանիկեանը որպէս գաղթական հասաւ Թիֆլիս, ուրկէ մէկ տարի ետք մեկնեցաւ Կ. Պոլիս եւ 1922-ին կրցաւ գաղթել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ մինչեւ1970 թուականը կեանքը շարունակել Մէյն Նահանգին Փորթլընտ քաղաքին մէջ: