Aramon yev ir Yeraze
Aramo and his Dream

Արամօն եւ իր երազը

Paperback
(Number: BKT0497)
$14.95
2022 Beirut
15 pages
Size: 11" x 9"
Language(s): Western Armenian

Այս գիրքը պիտի ծառայէ հայ փոքրիկները ծանօթացնելու 17 SDG-իներու կարգ մը հարցերու, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ անոնց անհատականութեան զարգացման, ազգային ու համամարդկային արժէքներու գիտակցութեան եւ փոքրիկներու փափաքներու ու երազներու իրականացման՝ իբրեւ ուղեցոյց:

2015-ին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) մշակեց Կայուն զարգացման նպատակները՝ շարք մը հարցերու Sustainable Development Goals (SDG), որոնք մինչեւ 2030 թուական պիտի գործադրուին ՄԱԿ-ի անդամ 193 երկիրներու կողմէ:

Այդ հարցերը կը վերաբերին մարդկային համահաւասար իրաւունքներու, տնտեսական բարգաւաճման, առողջութեան եւ բարեկեցութեան (SDG Health and Well Being)՝ ի նպաստ կլիմայի առողջ պահպանման, որակաւոր կրթութեան եւ շարք մը այլ հարցերու կարենալ ապահովելու կայուն զարգացման նպատակները աշխարհի վրայ ապրող բոլոր մարդկանց համար:

Write Your Own Review

You're reviewing: Aramon yev ir Yeraze