Banasteghtsin Sirte
The Heart of the Poet: Private Letters

Բանաստեղծին սիրտը
Նամակներ

Vahe Vahian (Author) Վահէ Վահեան (Հեղինակ)
Hardcover
(Number: BLB0135)
$75.00
Sipan (Publisher) Սիփան հրատարակչատուն (Հրատարակչութիւն)
2012 Beirut
766 pages
Size: 7" x 10 3/4"
Language(s): Western Armenian

Additional Artists


Վահէ-Վահեան իր նամակներով կը բանայ իր սիրտին դուռը ուրկէ մենք պիտի մատչինք մինչեւ երէկ արգիլուած իր մտերիմ, անձնական կեանքին, եւ ատկէ անդին մեր հաւաքականութեան ժամանակահունչ ապրումներուն:

'Բանաստեղծին Սիրտը' հատորին մէջ, Վահէ-Վահեան կը հրամցնէ մեզի հրայրքը հին օրերուն՝ ջերմ շունչով ու գեղեցիկ խօսքով: Պիտի վերադառնանք այն երկար երէկը, երեք քառորդ դար լման, որ հիմա ինքնիր վրայ կը կծկուի ու անվերադարձօրէն կը վերածուի հեռաւոր անցեալի, երէկը՝ ուրկէ տակաւին մեզի կը հասնին ժամանակին մէջ բիւրեղացած ձայներ ծանօթ այնքա՜ն դէմքերու, նայուածք մը, արտայայտութիւն մը, տեսակ մը բոյրի, լուսեղէն գոյնի, մաքրամաքուր նուագ մը անցնող օրերու, որոնք կը յամենան տողերուն ներքեւ:

'Բանաստեղծին Սիրտը', նամակներու այս ստուար հատորը (824 էջ) ենթարկուած է պայմանական դասաւորումի եւ կը ներկայանայ երեք բաժանումներով.- Ա. ԳՐԱԿԱՆ-ԳԵՂԱԳԻՏԱԿԱՆ, Բ. ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ եւ Գ. ՄՏԵՐՄԱԿԱՆ, որոնց վրայ կ'աւելնայ նաեւ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐՈՒ բաժինը: Իւրաքանչիւր ենթախորագիր մեծ մասամբ կ'արդարացնէ զայն պարունակող նամակներուն խորքը, եւ կը նպաստէ նաեւ դիւրացնել ընթերցողին դեգերումները գիրքին էջերուն ընդմէջէն՝ ըստ նախասիրութեան ու հետաքրքրութեան: Հատորը կը բովանդակէ նաեւ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ եւ ՑԱՆԿԵՐ (Անձնանուններու, Կազմակերպութիւններու, Պարբերական Մամուլի եւ Տեղանուններու) պարունակող ստուար էջեր:

Վահէ-Վահեանի այս հատորը անսպառ հանքն է բանաստեղծին ներաշխարհին ուր կ'արտացոլան հայրենիքի անցեալի եւ ներկայի իրականութիւնը, արեւմատահայերէնի ճշգրիտ եւ անթերի գործածութիւնը, գրական-գեղարուեստական ու գաղափարական-ընկերային համոզումներն ու տարհամոզումները, Հայրենիքի անվտանգութեան եւ անխանգար խաղաղութեան առաջնահերթութիւնը եւ անոր յարակից ու ներդաշնակ քաղաքական իր համոզումները: Եթէ իր նպատակը դաստիարակել է մեր միտքը, ու յայտնաբերել ինչ որ մէկ կողմ դրուած է ու մնացած պատմութեան փոշիին տակ, յաջողա՛ծ է լիովին. ու կարդալ այս նամակները մեզի պիտի պարգեւէ իմացական սլացք եւ յուզական պահեր: Ընթերցողին կը մնայ իր սեփական դատողութեան ծիրէն ներս, ընկալել եղած հարցադրումները եւ ըստ այնմ յանգիլ եզրակացութեան:

Write Your Own Review

You're reviewing: Banasteghtsin Sirte