Lkrtatse

The Slut: A Novel

Լկրտածը

Վէպ

$14.95

Paperback
2020 Istanbul
ISBN: 978-6052-100-57-8
Languages: Western Armenian

Additional Artists

Description



Նկարագրութիւն

Զաւէն Պիպեռեանի առաջին վէպն է «Լկրտածը», որ հրատարակուած է 1959-ին։ Հանրապետական շրջանի ստանպուլահայ գրականութեան անդրանիկ վէպերէն մէկն է այս ստեղծագործութիւնը, որ արժանացած է ժամանակակիցներու դրական գնահատանքին։ Պոլսոյ ամարանոցային աւաններէն մէկը՝ Էրենգիւղը, թատերաբեմն է շաբաթավերջեան իրադարձութիւններու։ Հասարակական տարբեր խաւերուն դրացնութիւնը կամ անոնց հեռաւորութիւնը, անկախ իրենց ազգային պատկանելիութենէն, Պիպեռեան կու տայ լեզուական հնարքներով, շարժանկարային հատու դրուագումներով՝ նրբօրէն զարգացնելով ծածուկ լարուածութիւնը, որ վէպի աւարտին պիտի յանգի ոճրագործութեան։

Դասակարգային մակերեսի մը տակ թաղուած է նաեւ հայոց ազգային աղէտին արձագանգները, որոնք բացայայտ կը դառնան խորքային ընթերցումով մը։

«Լկրտածը», որ Զաւէն Պիպեռեանի առաջին վէպն ըլալով հանդերձ, իր ստեղծագործական կեանքի լաւագոյն գրութիւններէն մէկն է նաեւ, հայելի մըն է՝ բռնուած կանանց, տղամարդկանց, ընտանիքի, հայութեան, թրքութեան, քաղքենիութեան, գաւառացիութեան տակաւին անլոյծ հարցերուն։



Additional information

Pages 251 Pages
Weight 1 lbs
Dimensions 5.25 × 7.75 in