Description
Նկարագրութիւն
Հատորը կը խմբէ արեւմտահայ գրող Արամ Անտոնեանի (1874-1951) Եղեռնէն ներշնչուած պատմուածքներն ու անձնական յիշողութիւնները։ Գործերը գրուած 1916-1946 շրջանին՝ լոյս տեսած են Սփիւռքահայ մամուլին մէջ եւ երբեք չեն զետեղուած նոյն կողքի տակ։ Անոնք կը կազմեն վերապրողի մը գրական թանկագին վկայութիւնները Հայ մտաւորականութեան ոչնչացման պատմութենէն։