Shnorhkov Mardik / Hlounere yev Embostnere
Decent Human Beings / The Obedient and the Disobedient: Novels

Շնորհքով Մարդիկ / Հլուները եւ Ըմբոստները
Վէպեր

Paperback
(ISBN: 978-6052-10-0202)
$15.95
Aras (Publisher) Արաս (Հրատարակչութիւն)
2018 Istanbul
230 pages
Size: 5 1/4" x 7 3/4"
Language(s): Western Armenian

«Շնորհքով մարդիկ»ը, տպուած է Պոլիս, 1907-ին, «Սագաեան» տպարանէն, որպէս «Նշան Պապիկեան» մատենադարանի հրատարակութիւնը։ Վէպը կը պատմէ անցեալին ամիրայական վերնախաւին պատկանող պոլսեցի ընտանիքի մը մութին մնացած պատմութիւնը, անոր գաղտնիքները, կը բացայայտէ ներքին փտածութիւնը։ Ընդմէջ Սկիւտարի ու Բերայի ընթացող պատումը կը հիւսուի Յակոբի ու Զարուհիի շուրջ։ Վէպին գլխաւոր կերպարները մարդիկ չեն միայն, այլ նաեւ Պոլսոյ գեղեցկութիւնները՝ Չամլըճան, Ոսկեղջիւրի ու Վոսփորի տեսարանները։ «Շնորհքով մարդիկ» վէպը տպագրուած է նաեւ Սովետական Հայաստանի մէջ, 1959-ին։

«Հլուները եւ ըմբոստները», որ առաջին անգամ կը հրատարակուի առանձին հատորի մը մէջ։ Համիտեան բռնապետութեան շրջանէն պոլսահայ իրականութենէն դրուագ մը պատկերող կիսաւարտ այս վէպը որպէս թերթօն նախ տպագրուած է 1906-ին, Լեւոն Լարենցի խմբագրութեամբ Եգիպտոս հրատարակուող «Ազատ բեմ» հանդէսին մէջ։ Զապէլ Եսայեան գործածած է Շահան ծածկանունը։ Վէպէն ընդարձակ հատուած մը հետագային՝ օսմանեան սահմանադրութեան վերահռչակումի օրերուն, լոյս տեսած է նաեւ «Ձայն հայրենեաց»ին մէջ, զոր Լեւոն Լարենց սկսած էր խմբագրել Պոլսոյ մէջ։

Բացի այս վէպերէն, հատորի աւարտին զետեղուած է ֆրանսահայ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Երկու վէպեր» խորագրեալ վերջաբանը եւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մէկ ուսումնասիրութիւնը, ուր ցոյց կը տրուին «Շնորհքով մարդիկ» վէպի պոլսական ու սովետական հրատարակութիւններուն տարբերութիւնները։ Զապէլ Եսայեանի նոր հատորը, որու կողքին գործածուած է Կարապետ Եազմաճեանի մէկ գեղանկարը, հասցէագրուած է դպրոցական բարձր տարիքի պատանիներուն, ինչպէս նաեւ ընթերցող լայն շրջանակներու համար։

Write Your Own Review

You're reviewing: Shnorhkov Mardik / Hlounere yev Embostnere