Description
Volume 1 of "People of Land and Bread" Series.Նկարագրութիւն
Այս վէպով Նուպար Ակիշեան կը պատկերացնէ տագնապած երիտասարդի մը փոթորկալի ներաշխարհը՝ քսաներորդ դարու քաղաքական, ընկերային, տնտեսական և հոգէիմացական թոհուբոհին մէջ:Երիտասարդը, հայ մը իր իւրայատկութիւններով և հոգեբանական կնճռոտ հարցադրումներով, ինքզինք կը գտնէ կեանքի բնական ծիծաղելիութեան ոլորտներուն մէջ, և բացատրութիւն մը կ’որոնէ ինքզինք վերստին կեանքին կապելով վերագտնելու համար իմաստը իր գոյութեան: Եւ հոն հասնելու համար կը նախաձեռնէ հոգեկան ու իմացական փախուստ մը, բնութեան վստահելով իր էութեան մաքառելու և վերանորոգելու անհրաժեշտ գործընթացքը: