Haykakan Ourvakane
The Armenian Phantom

Հայկական ուրուականը

Lor Marshan (Author) Լոր Մարշան (Հեղինակ) Giyom Perieh (Author) Կիյոմ Փերիէ (Հեղինակ) Tomas Azuelos (Author, Illustrator) Թոմաս Ազուէլոս (Հեղինակ, Նկարիչ)
Paperback
(ISBN: 978-605-2100-84-4)
$17.95
Aras (Publisher) Արաս (Հրատարակչութիւն)
2019 Istanbul
136 pages
Size: 7 1/4" x 10 1/2"
Language(s): Western Armenian

Additional Artists

Luiz Bakar (Translator) Լուիզ Պաքար (Թարգմանիչ)

Կան խորհուրդներ, զորս բոլորը գիտեն, սակայն ոչ ոք կը խօսի անոնց մասին։ Հասարակութիւնը մէջ մէջի կ՚ապրի այս խորհուրդներով ու նա՛եւ անոնց ստեղծած ուրուականներով։ Անատոլուի մէջ ուրուական մը կը շրջի, աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր. Ուրուական հարիւր հազարաւորներու, որոնք սպանուած են արիւնալի կոտորածներով, արմատախիլ եղած են իրենց հայրենիքէն։ Մինչդեռ երբեմն կենդանի մարդիկ ալ կրնան ուրուականի վերածուիլ, մանաւանդ երբ կը ստիպուին ուրանալ իրենց ինքնութիւնը, ծածկել իրենք զիրենք։ Պրիժիթ Պալեան եւ Վարուժան Արթին, «Հայկական ուրուականը»ի մէջ, Ֆրանսայէն Թուրքիա կու գան գտնելու համար այդ ուրուականներուն հետքը։ Անհանգստութիւնը, զոր անոնք կ՚ապրին առաջին անգամ ոտք դնելով իրենց պապերու լքելու ստիպուած հողերուն վրայ, հետզհետէ կը վերածուի խոր հետաքրքրութեան ու ճանչնալու փափաքի, երբ ուրուականներու հետքերուն կը հանդիպին ամենուրեք։ Այսպէսով, Ստանպուլէն Տիարպաքըր, Տերսիմէն Սվաս, հոնկէ դարձեալ Ստանպուլ երկարող ուղեւորութեամբ մը անոնք անձամբ կը տեսնեն Անատոլուի իսլամացուած հայութեան, ոչնչացուած կարծուած հայկական ուրուականներուն այժմու պատկերն ու պայմանները։ Անոնք բոլոր հպարգելքներու ու դժուարութիւններու դէմ պայքարող, հակառակ ամէն ինչի ընդդիմանալ ու ապրիլ յաջողած այս անձերուն դիմաց կը վկայեն, թէ ցարդ սխալ էին իրենց ճիշդերը, եւ կը լուսաւորուին՝ անակնկալօրէն յայտնուող յոյսի նշոյլներով։ Լոր Մարշան, Կիյոմ Փերիէ եւ Թոմաս Ազուէլոս «Հայկական ուրուականը»ի մէջ գրչի ու վրձինի համարձակ հպումներով կը գծագրեն Թուրքիոյ մեծագոյն հպարգելքներէն մէկը։

Write Your Own Review

You're reviewing: Haykakan Ourvakane