Hay Hogevorakanutean Koruste Mets Yeghernin

Loss of the Armenian Clergy During the Armenian Genocide

Հայ հոգեւորականութեան կորուստը Մեծ Եղեռնին

$18.00

Hardcover
2005 Antilias
Languages: Western Armenian

Description



Նկարագրութիւն

Աոաջին բաժինով, «Ներածական» բառին տակ գլխակարգուած, կը ներկայացուի հայ հոգեւորականի դերին եւ կրած նեղութեանց մասին ընդհանրապես։

Երկրորդ բաժինով կը տրուի գլխաւոր եւ կարեւորագոյն հոգեւորական դէմքերու ամփոփ կենսագրականները, գրական, մշակութային, վարչական գործունէութիւնները եւ վկայակոչական համեստ տեղեկութիւններ եւ ապա անոնց գրական գործերու ցանկը, այնքան որքան կարելի է գտնել։ Պէտք է ըսել որ յատուկ բանասիրական պրպտումի նիւթ պէտք է դաոնայ այս ճիգը, որովհետեւ նահատակուած հոգեւորականներու շատերուն գրութիւնները թերթերու, ամսագրերու եւ պարբերական հրատարակութեանց մէջ ցրուած էջեր են, որոնք երբ համախմբուին՝ կրնան հատորներ կազմել։ Ատիկա կրնայ ըլլալ նահատակ հոգեւորականներու մատուցուած ամենէն արժէքաւոր ծաոայութիւններեն մէկը։

Երրորդ բաժինով կը տրուի միայն հոգեւորականներու ցանկը։ Այս պարագային, նկատի ունեցած է ոչ նահատակ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականները, այլ նաեւ հայ կաթոլիկ եւ բողոքական եկեղեցիներու հոգեւորականները, որոնք գոհ գացին 1915-ի Մեծ Եղեոնին։



Additional information

Pages 191 Pages
Weight 1.5 lbs
Dimensions 7 × 9.75 in