Description
Նկարագրութիւն
Այս վէպը՝ հեղինակի 1968-ին հրատարակած «Ակամայ Ծաղրածուն եւ Այլ Դերասաններ» գիրքին շարունակութիւնը չէ, թէեւ հերոսներէն ոմանք – մանաւանդ գլխաւոր հերոսը – կը գործեն այս վէպին մէջ եւս: Նոյն անձերն են, նոյն հայերը, որոնք կը շարունակեն իրենց կեանքը, բայց ոչ՝ վէպը: Որեւէ վիպային երկ, պատմուածք կամ վէպ, անձի մը կամ բազմաթիւ մարդոց կեանքին պատմութիւնը չէ: Որպէս գրական սեռ վէպը պէտք ունի առանցքի մը, եւ ուրեմն՝ կը մշակուի իբրեւ պատմութիւն: Այդքան: Արուեստի գործը, սակայն, այդ պատմութիւնը չէ, չի կրնար ըլալ:
Այդ իմաստով «Յարդգողի Ժառանգորդները» նոր եւ բոլորովին անկախ գործ մըն է՝ յղացումով եւ իր արծարծած նիւթերով: Մարդկային, ընկերային եւ հայկական մտահոգութիւններով: