Hamov Hotov
Expanded

Համով Հոտով
Ընդլայնուած

Hardcover
(Number: BCO0014)
$85.00
2009 Beirut
623 pages
Size: 9 1/4" x 11 1/2"
Language(s): Western Armenian

Աւելի քան 850 խոհագիրեր:

Հայկական իրականութենէն ներս, սփիւռքի մէջ կամ այլուր, ընտանիքին երջանկութեան սատարող գործնական եւ աննախընթաց սոյն հատորը իր մէջ կ՛ընդգրկէ լայն եւ ընդարձակ տեղեկութիւններ խոհանոցի հրաշալիքներէն. Հայկական, արաբական, եւրոպական, միջազգային, արեւելեան, ասիական ճաշատեսակներով օժտուած, ուր հեղինակին երկար տարիներուն փորձարութիւնը խոհարարային աշխարհէն ներս եւ անոր հմտութիւնը նուրբ, բծախնդիր ու ստեղծագործ ճաշակն ու ձիրքերի միացած, լոյս ընծայած են այս մեծածաւալ հատորը:

«Համով Հոտով» ճաշագիրքի ընդարձակուած հատորի լոյս ընծայման կարեւորագոյն ազդակներէն են մեր ընթերոցողին սէրը, վստահութիւնն ու գնահատանքը, սոյն ճաշագիրքին նկատմամբ: Աւելի քան երկու հարիւր նոր խոհագիրներ, իւրաքանչիւրը բծախնդրորէն պատկերազարդուած եւ գեղեցիկ ձեւով ներկայացուած, մուտք գործեցին սոյն ճաշշատեսակներու ընտանիքէն ներս, բայց, երբեք չմոռնալով հայկական տոհմիկ ճաշատեսակներն ու անուշեղէնները:

Այն ինչ կը վերաբերի խոհանոցային «արուեստ»ներու, ընտանիքին խոհագիրքը «Համով Հոտով» օգտագործելի է ամէն առիթի եւ ժամանակի զանազան քիմքերու եւ տարիքներու ճաշակին յարմար ու սիրելի:"

Աւելի քան 850 խոհագիրեր:

Write Your Own Review

You're reviewing: Hamov Hotov