Ankuti Siraharner
Penniless Lovers: A Novel

Անկուտի Սիրահարներ
Վէպ

Paperback
(ISBN: 978-9055-75-3894)
$14.95
Aras (Publisher) Արաս (Հրատարակչութիւն)
2017 Istanbul
220 pages
Size: 5 1/4" x 7 3/4"
Language(s): Western Armenian

Իսթանպուլահայ արձակի եզակի դէմքերէն է Զաւէն Պիպեռեան, որու «Անկուտի սիրահարներ» վէպը առաջին անգամ լոյս տեսած է ապրիլ 1962-ին, որպէս չորրորդ հրատարակութիւնը «ԹՕ» մատենաշարին։

Վէպին գլխաւոր հերոսներն են Սուրը, որ տակաւին դպրոցական պատանի մըն է, եւ իրմէ երկու տարի մեծ Նորման, որ կեանքի պայմաններու բերմամբ չէ կրցած շարունակել իր ուսումը ու կ՚աշխատի գործի հրապարակին վրայ։ Սուրի ու Նորմայի սիրաբանութեան խորապատկերը կը կազմեն Պոլսոյ զանազան վայրերը՝ Իշխանաց կղզիներէն Մաչքայի հանրապարտէզը, Էմինէօնիւէն Ֆեներպահչէ։

Սխալ պիտի ըլլար անշուշտ վէպը զուտ սիրային պատումի մը սահմաններուն մէջ ընկալել. մեկնելով Սուրէն ու Նորմայէն՝ հեղինակը կը փորձէ սեւեռել Վեց Սեպտեմբերի դէպքերու վաղորդայնին Պոլսոյ մէջ ստեղծուած մթնոլորտը, յատկապէս պատկերելով Սուրի ընտանեկան պարագաները՝ նորելուկ հարուստ մը եղող, թաղական ու «ազգայինճի» հայրը՝ Գէորգը, մայրը՝ Մելինէն, որ տունը բանտարկուած, հեշտութեամբ ստանձնած է քաղքենի հասարակութեան կողմէ իրեն պարտադրուած դերը, եւ միւսները՝ քոյրն ու եղբայրը, որպէս նոր սերունդ։

Սուրի ու Նորմայի անկուտիութիւնը, որ ատեն-ատեն կը հրահրէ ներընտանեկան անլուր բռնութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, հեղինակին՝ Զաւէն Պիպեռեանին ատաղձ մատակարարած է հիւսելու իր այս անզուգական վէպը։

Նոր հրատարակութիւնը կատարուած է առաջին հրատարակութեան վրայէն, կէտադրական եւ ուղղագրական աննշան հպումներով՝ միշտ հաւատարիմ մնալով հեղինակի սկզբունքներուն։

Write Your Own Review

You're reviewing: Ankuti Siraharner