Lusardzakin Tak, Volume 1
Under the Spotlight: The Timeless Case & Armenia: Towards the Third Republic: Articles 1980-1993

Լուսարձակին տակ, Ա. Հատոր
Անժամանցելի դատը այսօր և Հայաստան դէպի երրորդ հանրապետութիւն՝ Յօդուածներ 1980-1993

Hardcover
(ISBN: 978-0-9903483-0-6)
$49.95
2014 Glendale
686 pages
Size: 6 1/2" x 9 1/4"
Language(s): Western Armenian

Վաչէ Սեմերճեան իր վերլուծող նկարագրով եւ մտածողութեամբր կր գտնուի ճիշդ հակոտնեայ դիրքի վրայ։ Վկայ՝ բազմանիւթ իր յօդուածներր, պատկառելի ՚հատորներր, բովանդակալից դասախօսութիւնները։ Արուեստագէտ պիտի ծնէր ան՝ սակայն ծնած է արուեստասէր՝ նկարչութեան եւ երաժշտութեան նկատմամբ իր խորունկ զգայարանքներով։ Խմբագիր պիտի ծնէր ան, սակայն խմբագիրի իր արի եւ առոյգ գրիչին միացուցած է գրագէտի անվրիպելի շնորհը։ - Երուանդ Ազատեան, գրադատ, հասարակական գործիչ, Տիթրոյթ Բովանդակալից եւ ուսանելի գրութիւններ՝ «Յիշատակելի դիմաքանդակներ», բոլորն ալ կարդացի մեծ ՚հետաքրքրութեամբ։ Սփիւռքի ինքնութիւնը կերտելու նպաստող մտաւորականներուն գեղեցիկ մէկ համադրութիւնը ներկայացուած է ճարտարօրէն։ Ուրախացայ որ այս դէմքերուն առրնթեր ներկայացուած են նաեւ ժամանակի հարցերր։ Օրինակի համար, շօշափուած է մի քանի տասնամեակներ առաջ գոյութիւն ունեցող ցանցը լա՛ւ վարժարաններու եւ ուղեցոյցի առաքելութիւնը կատարող վաստակաւոր դաստիարակներու, որոնց շնորհիւ է որ Սփիւռքը, նոյնիսկ այսօր, բաւական գոհացուցիչ պայմաններու մէջ կը գտնուի ֆիզիքական, կրթական, քաղաքական եւ տնտեսական տեսակէտներով։ - Դոկտ. Ագապի էքմէքճեան, պատմաբան, վաստակաւոր ուսուցիչ Նիկոսիա, Կիպրոս «Յիշատակելի դիմաքանդակներ»ը մեր խորին համոզմամբ, քանդակաշար է, հոգու իւրակերպ ծառուղի։ Իսկ քանդակներից իւրաքանչիւրի կողքին, իւրաքանչիւրի էութեան մէջ երբեմն նոյնիսկ աննկատ, ներկայ է Սեմերճեան երեւոյթն իր պարդ խօսքով, բնութագրիչ տարողունակ ասելիքով։ Աւելի ամփոփ՝ ողջ հատորր անհատների հաւաքական կերպարներով հանդերձ Սեմերճեանի հոգեկան աշխարհի պատումի ոճով շաղախուած գեղարուեստական դրսեւորումն է։ Իւրաքանչիւր կերպարում աւել կամ պակաս չափով ներկայ է հեղինակը, մասնակից՝ պատումներում կատարուող դեպքերին։ - Սուրէն Թ. Սարգսեան, պատմաբան Երեւան

Write Your Own Review

You're reviewing: Lusardzakin Tak, Volume 1