Description
Նկարագրութիւն
«ԿԱՅԱՆՆԵՐ» հատորը կը ներկայացնէ Վահէ Օշականի (1922-2000) քերթուածներու հատընտիրը: Գրագէտի հատորներէն ընտրուած են զանազան էջեր, Քաղաք ժողուածուն սակայն տրուած է ամբողջութեամբ։ Գիրքը կը բացուի Վ. Օշականի «Գրական հռչակագիր»ով։ Այս անհատական հանգանակը իր պատմական ընդհանուր ներկայացումէն անդին՝ ենթակայական կէտեր կը նշէ, որոնք լոյս կը սփռեն բանաստեղծի ամբողջ արտադրութեան վրայ։ «Յաւելուած» բաժնին մէջ զետեղուած են այն երկու ինքնադատութեան փորձերը ուր հեղինակը կը քննէ իր իսկ գործերը։