Յակոբը եւ Մազոտ Հսկան տեղի կ'ունենայ Մասիսի մէջ, Հայաստան, ուր մեր հերոսը՝ Յակոբը հսկայ նուռի ծառ մը կը մագլցի փրկելու համար Մարիամը, հսկային՝ Մեծ Մազոտին բանտարկեալը: Բայց նախքան աղջիկը ազատելը, Յակոբը պէտք է մենամարտի Մեծ Մազոտին հետ, քեպապի շիշով կռիւ տալով, որ հսկային մոգական ուտին եւ ոսկեայ հաւին հետ արկածներու կ'առաջնորդէ:
Կենսուրախ, լիագոյն նկարազարդումներ պատմութիւնը կենդանի կը դարձնեն, ներկայացնելով գեղեցիկ հայկական բնանկարներ եւ կերպարներ որոնք տիպականօրէն հայեցի են:
Վայելք մը հայ երախաներու համար...