Azatutian Hrashali Mekenanere
The Incredible Freedom Machines

Ազատութեան հրաշալի մեքենաները

Availability: Out of stock

Paperback
(ISBN: 978-605-0688-115)
$17.95
Hippo (Publisher) Հիփփօ (Հրատարակչութիւն) Aras (Publisher) Արաս (Հրատարակչութիւն)
2020 Istanbul
32 pages
Size: 9 3/4" x 10 3/4"
Language(s): Western Armenian

Additional Artists

Rober Koptas (Translator) Ռոպէր Քոփթաշ (Թարգմանիչ)

Աշխարհի միւս ծայրէն՝ Աւստրալիոյ երկինքէն հոս կը հասնին Ազատութեան հրաշալի մեքենաները, որ մանկական մրցանակակիր գիրքերու հեղինակ Քիրլի Սաունտըրսի ու մրցանակակիր նկարիչ Մէթ Օթլիի հոյակապ նկարները ի մի բերող յոյսով լեցուն եւ ներշնչող պատմութիւն մըն է։ Ան կը պատմէ մանուկի մը պայքարը՝ ստեղծելու իր ազատութեան մեքենան, յամառութիւնը եւ անափ երջանկութիւնը, զոր կ՚ապրի ան իր մեքենայով նոր աշխարհներ յայտաբերելու շնորհիւ։ Երեւակայեցէք փոքր «բան» մը արտադրել, երբ մանուկ էք. բանի մը նման իսկ չըլլայ՝ ըլլա՛յ ձերը։ Չգիտնաք նոյնիսկ թէ ի՛նչ պիտի ընէք այդ «բանով», սակայն միշտ ըլլայ ձեզի հետ, ըլլայ անհաւատալի ուղեկից մը, ներշնչումի անսպառ աղբիւր մը, որուն հետ պիտի ընթանաք արկածէ արկած։ Մեքենայ մը, որ երբեմն աննպաստ եղանակէն ազդուի իսկ, ձեզ երբեք կէս ճամբուն պիտի չձգէ եւ պիտի առաջնորդէ հեռաւոր աշխարհներ… Մեքենայ մը, որու հետ կը սաւառնիք երկինքին վրայ եւ որու հետ կը յայտնաբերէք ընդծովեայ աշխարհը… Նոյնիսկ, այս բոլորը ան կարելի կը դարձնէ առանց ձեզ ձեր տեղէն իսկ շարժելու։ Ահա ձեր ձեռքին ունիք գիրք մը, որ ողջ աշխարհը եւ աւելին ձեր ոտքերուն առջեւ փռող այդ բանին մասին է։ Եւ իրականութեան մէջ անիկա ինքն է, այսինքն գիրքի մը մասին է։ Բոլոր անոնց, որոնք ազատութեան երազով կը փնտռեն իրենց մեքենան եւ անոնց, որոնք վաղուց գտած են զայն։

Write Your Own Review

You're reviewing: Azatutian Hrashali Mekenanere