Այս գիրքը կը ներկայացնէ պատկեր մը փոքրիկ Վեմի մանկապարտեզի առաջին օրուայ մասին, որու միջոցաւ կը հրամցուի հայ ընտանիքի մը սերը, հպարտութիւնը եւ ուրախութիւնը իր զաւկին կամ թոռնիկին մանկապարտէզմուտքի առթիւ:
Այստեղ կարեւոր դեր ունին երեխային ամեն ընտանեկան պարագաները, սկսեալ ընտանիքի ամէնէն փոքրիկ անդամ' Այգէն:
Այս գիրքը նաեւ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ մեր երեխաներուն ներկայացնելու փաղաքշական տարբեր բառեր որոնք կը գործածուին հայերեն լեզուի մէջ սէր եւ գուրգուրանք ցուցաբերելու համար: Բարեւ Մանկապարտեզի նիւթը հեռու կը մնայ աւանդական կարծրատիպերէ, միեւնոյն ժամանակ պահելով քաղցր հայկական շունջն ու աւանդութիւնները: