Description
Նկարագրութիւն
«Աւանդութեանց լուսամուտը» կը բանայ մեր հաւաքական յիշողութեան դարպասները: Անիկա նուիրուած է դարերու ընթացքին ձեւաւորուած հայ ժողովուրդի ազգային աւանդութիւններուն, տօներուն, ընտանեկան ծէսերուն, գիւղական կենցաղին եւ նուիրական հաւատալիքներուն:
Նպատակ ունի սերունդներու միջեւ կապը վերամիացնելու եւնոր սերունդին ներշնչում տալու’ իր արմատներուն ճանաչման եւ պահպանման ի խնդիր:
Իւրաքանչիւր էջ կը հիւրընկալէ բանաւոր աւանդութիւններու ոգին, խոր-հըրդանշական սովորութիւնները, ժողովրդական երգերն ու մաղթանքները, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն շնչել մեր կեանքին մէջ:
«Լուսամուտ» բառը կը խորհրդանշէ անցում դէպի աւանդոյթներու աշխարհ, հնարաւորութիւն` հայեացք նետելու անցեալի ու ներկայի միջեւ:
17 գլուխներէ բաղկացած այս գիրքը ընթերցողը կը հրաւիրէ բացայայտելու աւանդոյթներու բազմազանութիւնը, գեղեցկութիւնն ու խորհուրդը: Պատուհանէննայելով’պիտի տեսնենքնոր ուհրաշալի աշխարհ մը:
Այո, անիկա լուսամուտ մըն է…
Որ կը բացուի դէպի զմրուխտեայ դաշտեր,
Ուր գարուններ կը ծաղկին
Ու Խաղողօրհնէքի ծէսով կը հասուննան:
Ուր տան բակը կը զարթնի Վարդավառի ծիծաղով,
Իսկ տան խոհանոցէն կը բուրէտարեհացը:
Մօր երգը, հօր պատգամը, մեծ մօր դեղաբոյսերը
Եւ տան խորքէն եկող հին պատմութիւնները
Ձուարթ շունչով կը լեցնեն մթնոլորտը:
«Աւանդութեանց լուսամուտը» գիրք մըն է, որ ոչ միայն կը կարդացուի, այլեւ կը զգացուի` աչքով, սրտով ու յիշողութեամբ:
Պատկերը, բառը եւ զգացողութիւնը կը միաձուլուին, որպէսզի ընթերցողը չըլլայ միայն դիտող, այլ մասնակից’ այս հոգեւոր ուղեւորութեան: